Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 15-րդ կայան. «Պատերազմի ընթացքին իսրայէլեան բանակին Հըզպալլայի հասցուցած հարուածներուն ազդեցութիւնը սկսաւ չքանալ, եւ կուսակցութիւնը իր ուժը կ՛ամրապնդէ»:

«Հետախուզութեան սպաները նախազգուշացուցին, թէ Հըզպալլան կը հզօրանայ աւելի արագ կշռոյթով, քան իսրայէլեան բանակի` այդ իրողութեան հակազդելու կարողութիւնը», նշեց կայանը:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Իսրայէլէն պահանջած է մինչեւ այս ամսուան աւարտը Լիբանանի մէջ գործողութեան չձեռնարկել:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկեան կողմը կ՛ընդլայնէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ քաղաքական բանակցութեան իր առաջարկը, եւ ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք պատրաստ է Լիբանանի ընտրած որեւէ մայրաքաղաքի մէջ ժողովները վարելու: Քննարկումը հասած է այդ բանակցութիւններուն Լիբանանը ներկայացնելու համար Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի կողմէ անուններու առաջարկման»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի արտայայտած լիբանանեան յստակ դիրքորոշումը գնդակը նետեց ամերիկացիներուն եւ իսրայէլացիներուն դաշտը: Ուաշինկթընէն կը պահանջուի Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի վերջինս հրաժարի խոչընդոտող պայմաններէն»:

. ՆԱԽԿԻՆ կառավարական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլի հետ բանակցութեան նշաձողը Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնն է»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան-Իսրայէլ տագնապի լուծման բանակցային գործընթացին նախագահ Աունի մօտեցումը կը բխի համապարփակ ազգային հեռանկարէ, որ կը գերազանցէ նեղ հաշիւները եւ հիմնուած է իր կայունութիւնը փնտռող պետութեան տրամաբանութեան վրայ»:

– «ԱՍԱՍ ՄԵՏԻԱ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Իսրայէլ պիտի չընդունի հեռանալ կամ յարձակումները դադրեցնել, նախքան բանակցութեան սկիզբը, ըլլայ այդ «Մեքանիզմ»-ի կամ որեւէ այլ գործիքակազմի ճամբով, մինչ Լիբանան ներկայիս ջանք կը թափէ բանակցութիւններուն սկսելու համար ապահովելու «պատուաւոր» ծածկոյթ մը, որ կրնայ առնուազն առօրեայ ահաբեկումներուն եւ անօդաչու թռչող սարքերու գործողութիւններուն դադրեցում ըլլալ»:

. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ կացութիւնը չափազանց վտանգաւոր է, եւ պահանջուածը ստեղծելն է պայմաններ, որոնք կը նպաստեն ներկայ տագնապին վերջ տուող քաղաքական լուծումի: Բոլոր կողմերէն ոչ մէկը կրնայ ինքզինք զերծ կացուցել այս հարցէն, որ զայն Լիբանանի եւ Իսրայէլի համար կարիք եւ շահ կը նկատենք»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Բոլոր ցուցանիշները կը վկայեն, թէ Պէյրութին կը սպասէ մօտալուտ ճակատում մը, որ պատգամ պիտի ըլլայ ոչ միայն Հըզպալլային, այլ նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան` նկատի ունենալով, որ ան զէնքին ու բանակցութեան մէջ Լիբանանի դիրքորոշման ներկայացուցիչն է»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն բանակին թշնամիին դէմ դնել պահանջելուն համար ամերիկացիներէն դժգոհութեան պատգամներ ստացաւ: Մէկէ աւելի կողմեր անոր ըսին, թէ պահանջուածը իր յանձնառութիւնները յարգելն է, այսինքն` բանակէն պահանջել Հըզպալլան զինաթափել եւ ոչ թէ Իսրայէլի հետ ճակատիլ»:

. «ԱՍԱՍ». «Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք ինքզինք մեծապէս հեռացուց լիբանանեան թղթածրարէն, եւ Մորկըն Օրթէյկըսը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ խորհրդատու դարձաւ, ոչ յատուկ պատուիրակ, որովհետեւ այդ դերը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը պիտի ստանձնէ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլ չ՛ուզեր «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ընդլայնումը, այլ կրճատումը, որովհետեւ ո՛չ ֆրանսական խումբին, ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի խումբին կը վստահի: Ուստի կ՛ուզէ, որ յանձնախումբը ըլլայ եռակողմ` միայն Լիբանանը, Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները»:

. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Դատաւոր Հաժժար ֆրանսական արդարադատութենէն ստացաւ նամակ մը, որ կը պարունակէ դատական դիմում մը, որ Լիբանանէն կը պահանջէ հետապնդել Պաշշար Ասատի վարչակարգի շարք մը պաշտօնատարներ, հետաքննութիւններ կատարել եւ Լիբանան գտնուելնուն պարագային զանոնք ձերբակալել»:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Յանձնած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման Գործողութիւններու Ծրագիրը

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը Այցելեց Պայրագտարեանի

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.