 Քաթար կրնայ միջնորդի դեր խաղալ Միացեալ Նահանգներու եւ Վենեզուելայի միջեւ ճգնաժամի կարգաւորման գործին մէջ, եթէ Ուաշինկթըն հետաքրքրուած ըլլայ, սակայն տակաւին այս ուղղութեամբ որեւէ որոշակի քայլ չէ ձեռնարկած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է արաբական պետութեան վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանին:

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլա Մատուրօ բազմիցս յայտարարած է, որ իր երկիրը կը բախի վերջին 100 տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ ներխուժման ամէնէն լուրջ սպառնալիքին:
Ուաշինկթըն Վենեզուելայի իշխանութիւնները կը մեղադրէ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան դէմ պայքարին մէջ ոչ բաւականաչափ նախաձեռնողական ըլլալու յանցանքով:
Միացեալ Նահանգներու ծովուժը Քարիպեան ծովուն մէջ տեղակայած են 8 նաւ, 1 հիւլէական սուզանաւ եւ 10 հազար զինուոր, ինչպէս նաեւ միջազգային ջուրերուն մէջ ոչնչացուցած է թմրեցուցիչ տեղափոխող առնուազն 9 նաւակ: