 Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Հարաւային Քորէայի մէջ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանի պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի վեհաժողովի ծիրին մէջ 1 ժամ 40 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած է առեւտրական հարցերու շուրջ:
Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Հարաւային Քորէայի մէջ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանի պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի վեհաժողովի ծիրին մէջ 1 ժամ 40 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած է առեւտրական հարցերու շուրջ:
Ճինփինկ կոչ ուղղեց Թրամփի հետ հանդիպումի արդիւնքները կարելի եղածին չափ շուտ վերջնական համաձայնութիւններով ամրագրելու:
«Երկու կողմերը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ բարելաւեն եւ աւարտեն հետագայ աշխատանքները` համաձայնութիւնը պահպանելու ու գործադրելու եւ շօշափելի արդիւնքներ տալու` Չինաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տնտեսութիւններուն վերաբերեալ մտահոգութիւնները մեղմացնելու համար», աւելցուց Չինաստանի նախագահը:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ մէկ տարիով պիտի առկախէ անցեալ ամիս հազուագիւտ մետաղներու վրայ հաստատուած սահմանափակումները, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ լարուածութեան մագլցման պատճառ դարձած էին:
Նախարարութիւնը նշեց, որ այդ առնչութեամբ որոշակի ծրագիրներ պիտի սերտէ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահը յառաջիկայ տարի Չինաստան պիտի այցելէ, եւ հազուագիւտ մետաղներու շուրջ փոխհասկացողութիւններ գոյացան»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հանդիպումէն ետք Հարաւային Քորէայէն հեռացաւ: Ան նախագահական օդանաւին մէջ յայտնեց. «Չինաստանի նախագահին հետ Ուքրանիոյ հարցին շուրջ պիտի աշխատիմ` բանի մը հասնելու համար, եւ Թայուանի հարցին չանդրադարձանք»:
«Յառաջիկայ ապրիլին պիտի այցելեմ Չինաստան, իսկ Չինաստանի նախագահը ատկէ ետք Ամերիկա պիտի այցելէ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ շեշտեց. «ՉԻնաստանի նախագահին հետ ժողովը մեծ յաջողութիւն էր: 1-էն 10 եղող աստիճանի վրայ 12 էր»:
«Չինաստանէն «Ֆանթանել»-ի մաքսատուրքը 20 առ հարիւրէն 10 առ հարիւրի պիտի նուազեցուի», եւ «Չինաստանի դէմ հաստատուած մաքսատուրքերը պիտի նուազեցուին 10 առ հարիւրով` փոխան 57 առ հարիւրի դառնալով 47 առ հարիւր»:
Միւս կողմէ, Թրամփ յայտնեց. «Չկրցայ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ խօսիլ, որովհետեւ զբաղած էին»:
«Կազան զինադադարին վերադարձաւ», նշեց ան:
«Կը կարծեմ, որ հիւլէական փորձարկումներ կատարելը նպատակայարմար է` նկատի ունենալով, որ այլ պետութիւններ նոյնպիսի փորձարկումներ կատարեցին», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Իրողապէս Ռուսիոյ հետ հիւլէական ապազինման շուրջ բանակցութիւններ կը վարենք»:
Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, թէ երկու նախագահներուն միջեւ հանդիպումը «չափազանց արդիւնաւէտ ու դրական» էր:
 
			

