 Միացեալ Նահանգներ Հնդկաստանը 6 ամիսով ազատած են Իրանի Չապահար նաւահանգիստին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներէն, որոնք ուժի մէջ մտած էին 29 սեպտեմբերին: «Ինտիա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Կը նշուի, որ Հնդկաստանի համար իրանեան Չապահար նաւահանգիստը Աֆղանիստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ռուսիոյ արեւելեան մասին հետ փոխադրամիջոցային կապերու կարեւորագոյն հատուածն է:
Իրանն ու Հնդկաստանը 2003 թուականին հաստատած են ռազմավարական համագործակցութեան ճամբու քարտէս, որուն հիմնական նպատակներէն մէկը Չապահարի նաւահանգիստի ստեղծումն ու զարգացումն էր:
2016 թուականի մայիսին Իրանը, Հնդկաստանն ու Աֆղանիստանը համաձայնած են Չապահար նաւահանգիստին մէջ կառուցել «Շահիտ Պեհեշթի» ծայրամասը: Ատկէ ետք Նիւ Տելհի սկսած է արագացնել վայրի զարգացման մէջ իր ներդրումները:
Հնդկաստանը 2024 թուականէն 10 տարուան պայմանագիրով կը շահագործէ «Շահիտ Պեհեշթի» ծայրամասը: Այս ծայրամասէն բացի, Չապահարի նաւահանգիստը ունի նաեւ երկրորդ նաւահանգստային համալիր` «Շահիտ Քալաթարի» ծայրամասը:
Նաւահանգիստի մեծագոյն խոչընդոտը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներն են: