 Փաքիստան եւ Աֆղանիստան համաձայնութիւն գոյացուցած են Պոլսոյ մէջ վերսկսելու խաղաղութեան բանակցութիւնները: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթ անոնց միջեւ բանակցութիւններու առաջին փուլը աւարտած էր առանց արդիւնքի ձեռքբերման:

Փաքիստանի անվտանգութեան ծառայութենէն լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Իսլամապատ բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի պնդէ իր հիմնական պահանջը, որ Աֆղանիստան քայլերու ձեռնարկէ զինեալներու դէմ, որոնք աֆղանական տարածքը կ՛օգտագործեն իբրեւ անվտանգ ապաստարան եւ յարձակումներ կը ծրագրեն Փաքիստանի հողին վրայ:
Իսլամապատ Թալեպան շարժումը կը մեղադրէ Փաքիստանի նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած փաքիստանեան Թալեպան խմբաւորման ապաստան տրամադրելու յանցանքով` անոնց արտօնելով Աֆղանիստանէն յարձակումներ գործել փաքիստանեան զօրքերուն վրայ:
Քապուլ կը հերքէ այս մեղադրանքը` պնդելով, որ ինք այդ խումբին վրայ որեւէ վերահսկողութիւն չունի: