Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իսրայէլ վրէժ լուծելու իրաւունք ունի, եւ Համաս շարժումը Միջին Արեւելքի համաձայնութեան մէջ փոքր բաժին մըն է»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Թրամփ շարժումը զգուշացուց ըսելով. «Եթէ ճիշդ ձեւով չվարուիս, պիտի ոչնչացուիս»:
Սպիտակ տան ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ նշեց. «Կազայի մէջ զինադադարը վտանգուած չէ»:
«Կազայի վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումները զինադադարը պիտի չականահարեն: Կազայի դէմ իսրայէլեան օդային հարուածներէն ետք Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող համաձայնութիւնը վտանգուած չէ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երեքշաբթի երեկոյեան իսրայէլեան բանակին հրամայեց Կազայի վրայ օդային յարձակումներ շղթայազերծել` արձագանգելով Ռաֆահի մէջ զինեալ յարձակումի մը:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս նախքան այդ նշեց, թէ հակառակ Կազա քաղաքին վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներուն եւ Իսրայէլի եւ Համասի Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելու վերաբերեալ փոխադարձ ամբաստանութիւններուն, նշեալ համաձայնութիւնը կը մնայ անսասան:
«Զինադադարը կը մնայ տոկուն: Ատիկա չի նշանակեր, թէ հոս ու հոն փոքր բախումներ պիտի չըլլան», նշեց Վանս:
«Տեղեկութիւն ունինք, թէ Համասը կամ Կազայի մէջ այլ կողմ մը յարձակում գործեց իսրայէլացի զինուորի մը վրայ: Կը նախատեսենք, որ իսրայէլացիները պիտի պատասխանեն, սակայն հակառակ ատոր նախագահին յայտարարած խաղաղութիւնը պիտի տոկայ», աւելցուցած էր Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:
Համաս շարժումը երեքշաբթի օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեց, թէ Ռաֆահի մէջ կրակոցի դէպքին հետ որեւէ կապ չունի եւ յանձնառու է զինադադարի համաձայնութեան:
Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարը վերականգնուած է` նշելով. «Պիտի շարունակենք Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան գործադրումը եւ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք որեւէ խախտումի»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նախքան այդ հաղորդած էր, թէ առաւօտեան ժամը 10:00-ին յարձակումները ընդհանրապէս պիտի դադրին եւ զինադադարը վերականգնուի:
Կազայի մէջ քաղաքացիական պաշտպանութիւնը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ երեքշաբթի օր Կազայի տարբեր շրջաններու վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներու պատճառով առնուազն 50 պաղեստինցիներ սպաննուած են եւ տասնեակներով ուրիշներ վիրաւորուած:


