Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան աննախադէպ այցելութիւն մը տուաւ Զինուորական մարմնակրթութեան բարձրագոյն կեդրոն` գնահատելով անոր ազգային բարձր դերակատարութիւնը, հայրենիքն ու անոր տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու եւ հայրենիքի ու անոր զաւակներուն ապագան ապահովելու մէջ:
Այցելութեան նպատակը կեդրոնին, անոր առաքելութեան եւ ծրագիրներուն ծանօթանալն ու այդտեղ ծառայող սպաներուն, զինուորներուն եւ մարզիկներուն հետ հանդիպում ունենալն էր:
Պայրագտարեան այցելեց թանգարանի սրահ, ուր պաշտօնական ժողով գումարեց սպաներուն հետ: Կեդրոնի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Միխայիլ Մուսա խօսք մը արտասանելով գնահատեց այցելութիւնը` ընդգծելով, որ ատիկա կեդրոնի ստեղծումէն ի վեր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի մը առաջին այցելութիւնն է:
Նախարար Պայրագտարեան իր խոր գնահատանքը արտայայտեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ` նշելով, որ ինք կը փորձէ բանակին ու լիբանանցի երիտասարդներուն միջեւ մերձեցման ծիր մը ստեղծել` օգտուելու համար զինուորական հաստատութեան մարմնաւորած արժէքներէն:
Նախարարն ու գնդապետ-զօրավարը փոխադարձ գնահատանքի իբրեւ արտայայտութիւն յուշանուէրներու փոխանակում կատարեցին:


