«Ժումհուրիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն զարմանք յայտնած է ոմանց օրէնսդրական նիստի խոչընդոտելէն ուրախանալուն եւ հպարտանալուն առնչութեամբ, կարծէք ատիկա ձեռքբերում մը ըլլար, երբ իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ երբ Պըրրիին կ՛ըսուի, թէ անոր ընդդիմախօսները կը կարծեն, թէ օրէնսդրական նիստը տապալելով իր դէմ յաղթանակ արձանագրած են, ան լայն ժպիտով կը պատասխանէ. «Ատիկա երեւակայական անհիմն յաղթանակ է, որովհետեւ նիստի օրակարգին վրայ եղող օրէնքները սեփականութիւնս չեն, այլ ի նպաստ հասարակական շահին, եւ եթէ չեն ուզեր զանոնք որդեգրել, «ի՞նչ կրնամ ընել, իրենք գիտեն»:
Խորհրդարանի նախագահը կ՛ըսէ, թէ ինք արտակարգ ջանք չէ թափած երեսփոխաններ համախմբելու եւ օրինաթիւ ապահովելու համար: «Իւրաքանչիւր երեսփոխանի ներկայութիւնը կամ բացակայութիւնը ազատ ձգեցի` իր յարմար դատած ձեւով վարուելու, առանց որեւէ միջամտութեան», նշեց խորհրդարանի նախագահը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ պատերազմի շղթայազերծման կարելիութեան նկատմամբ մտահո՞գ է, Պըրրի վստահութեամբ կը պատասխանէ. «Պատերազմ չկայ, մթնոլորտը դրական է, եւ ես ներկայ փուլին մտահոգ չեմ»:


