Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի պաշտօնատարներուն կատարած այցելութիւնները կեդրոնացած են ապահովական մտահոգիչ կացութեան վրայ: Ան նշած է, որ Լիբանանի կացութեան այսպէս շարունակուիլը անօգուտ է, այս հարցը պէտք է լուծել, եւ լուծումին նկատմամբ ամերիկեան փափաք գոյութիւն ունի»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ քաղաքական աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահին եւ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի միջեւ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մեքանիզմի յանձնախումբի աշխատանքի մանրամասնութիւններուն եւ զայն յառաջիկայ փուլին կեանքի կոչելու անհրաժեշտութեան, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը պահանջէ յանձնախումբին քաղաքային անձնաւորութիւններ միացնել»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «այն, ինչ որ լիբանանցի պաշտօնատարները լսեցին, ուղղակի սպառնալիքներ չէին, այլ խրատներ եւ դիւանագիտական տողատակի զգուշացումներ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին Լիբանան այցելութիւնը չէ ջնջուած, այլ յետաձգուած է, որպէսզի, մասնաւորաբար բանակցութիւններու հարցին մէջ պատկերը յստականայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Հըզպալլայի կողմէ խուսանաւումի յստակ գործողութիւն մը կայ, որպէսզի համաձայնութիւնները չգործադրուին, մինչեւ որ Իրան պատրաստ ըլլայ Միացեալ Նահանգներու հետ յառաջիկայ որեւէ բանակցութեան: Ուստի Լիբանան կը մնայ առկախ վիճակի մէջ, ինչ որ որոշումներու գործադրութեան համար հանգիստ կացութիւն չէ»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Այսօր նախարարաց խորհուրդի սեղանին վրայ դրուածին եւ քանի մը օր առաջ կազմուած յանձնախումբին միջեւ հակասութիւն չկայ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի պետ Ժորժ Ատուանի ըսած խօսքը նեղութիւն պատճառեց վարչապետ Սալամին: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը թէ՛ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի, թէ՛ վարչապետ Սալամի դէմ ուղղակի պայքար կը մղէ, ինչ որ երկու կողմերուն միջեւ կուտակումներու արտացոլացումն է»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Կառավարութիւնը Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ նշուածը կը գործադրէ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» իմացած է, թէ ըստ ոմանց, Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան արտասահմանէն մասնակիցները պիտի սահմանափակուին Սուրիոյ քրիստոնեաներով, որոնք փոխադրակառքերով պիտի գան, իսկ սփիւռքէն լիբանանցիներու մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ շատ սակաւաթիւ:

. «ՆԱՇՐԱ» հաղորդեց, որ իսրայէլացի հինգ զինուորներ փորձած են դէմ կանգնիլ լիբանանեան բանակի մեքենայի մը, որ կ՛անցնէր հարաւային Լիբանանի մէջ Պասթարայի եւ Մաժիտիէի միջեւ գտնուող Քապր Ինկլիզի վայրէն: Անոնք լիբանանեան հողեր ներթափանցելէ ետք բանակի մեքենային ուղղութեամբ կրակ բացած են:

Նախորդը

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ

Յաջորդը

Ռաժժի Ապուլ Ղէյթի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Շրջանի Կացութիւնները

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?