Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ նախարարներուն:
Նախագահ Աունն ու վարչապետը նիստէն առաջ գումարեցին ժողով մը` քննարկելու համար երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու քաղաքական ու տնտեսական զարգացումները:
Նախարարաց խորհուրդի օրակարգին վրայ էին 14 կէտեր, որոնց կարեւորագոյնները կը վերաբերէին արտաքին գործոց նախարարութեան` խորհրդարանական ընտրութիւններու օրէնքի բարեկարգման օրինագիծին հաւանութիւն տալու դիմումին եւ ներքին գործոց նախարարութեան` խորհրդարանի անդամներու ընտրութեան օրէնքի թիւ 84 յօդուածը բարեփոխելու շտապ օրինագիծին հաւանութիւն տալու դիմումին:
Նիստը կը ներառէր նաեւ 8 հոկտեմբեր 2023 թուականէն ետք իսրայէլեան յարձակումին պատճառով քանդուած բնակելի եւ ոչ բնակելի շէնքերուն հասած վնասներու նորոգութեան համար օժանդակութիւններու ճշդման ու վճարման մեքանիզմի հաւանութիւն տալու դիմումը, տարբեր նշանակումներ, ինչպէս նաեւ քննարկում հրատապ հարցերու` անոնց վերաբերեալ յարմար որոշումներ տալու համար:
Նիստի աւարտէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս նշեց, որ նախագահ Աուն ժողովի ընթացքին յայտնած է, թէ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցողը կը խոչընդոտէ որոշումի կայացումը, եւ կարելի չէ բարեկարգումները պատրուակել խոչընդոտելու համար, եւ երկիրը որեւէ ցնցումի չի տոկար:
Ան նաեւ յայտնեց, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նշած է, որ Էլիօ Ապու Հաննայի սպանութեան հետաքննութիւնը յառաջընթաց արձանագրած է, եւ զէնքը, որ տակաւին պաղեստինեան խմբաւորումներուն ձեռքն է, ապահովութեան ու լիբանանցիներուն վտանգ կը ներկայացնէ եւ պաղեստինեան դատին չի ծառայեր:
Տեղեկատուութեան նախարարը նաեւ յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը համաձայնած է իր յառաջիկայ նիստին քննարկել ընտրական օրէնքի հարցով յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած յստակ զեկուցում մը:
Ան նաեւ նշեց, որ կազմուած է նախարարական յանձնախումբ մը` վերաշինութեան ուՊէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն եւ իսրայէլեան պատերազմէն վնասուածներու ֆինանսաւորման մեքանիզմի որոնման համար:


