Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեւմտեան Ազրպէյճանի Համայնք»-ը Պրիւքսելի Մէջ «Վերադարձի Իրաւունք»-ի Հարցերով Խորհրդաժողով Կազմակերպած Է

Հոկտեմբեր 29, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ը ֆրանսական «ՔԱՓ Ֆրիտըմ աֆ Քանշընս» ոչ կառավարական կազմակերպութեան հետ Պրիւքսելի մէջ «Վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրէնքին մէջ» խորագիրով խորրհդաժողով կազմակերպած է:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պետական «Ազերթաճ» լրատուամիջոցին  համաձայն «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի նախագահ Ազիզ Ալեքպարլի մասնակիցներուն ներկայացուցած է կազմակերպութեան ստեղծման հիմնական նպատակները, պնդած, թէ «արեւմտեան ազրպէյճանցիները» անցեալ դարու ընթացքին համակարգուած եւ աստիճանաբար տեղահանուած են իրենց պատմական հողերէն:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կը կոչէ Հայաստանի գերիշխան տարածքի մէկ մասը:

Ալեքպարլի նաեւ խօսած է «միլիառաւոր տոլարներու հասնող նիւթական վնասներու եւ անչափելի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման» մասին, որ, իր ձեւակերպումով, Հայաստանը պատճառած է ազրպէյճանցիներուն` համակարգուած քաղաքականութեան պատճառով:

Ըստ Ազիզ Ալեքպարլիի, հակառակ բազմաթիւ կոչերուն` Հայաստան մերժած է համայնքին հետ երկխօսութիւն սկսիլ:

Պրիւքսելեան խորհրդաժողովի ժամանակ Ալեքպարլի նաեւ վստահեցուցած է, թէ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ը կ՛աջակցի շրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համակեցութեան` համաձայն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ որդեգրուած քաղաքական ուղիին:

«Մենք վստահ ենք, որ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ընդունուած պատմական որոշումները պիտի ապահովեն շրջանին մէջ խաղաղութիւնը», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

RelatedPosts

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ.  «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր,  Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»
Հայկական

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?