Մեզի եւս պէտք են երաշխիքներ, թէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հանդիպումը որոշակի արդիւնքներ պիտի տայ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Էնքըրէյճի մէջ նախագահներ Փութինի եւ Թրամփի հանդիպումին ժամանակ, մենք աջակցած էինք այն առաջարկներուն, որոնք ատկէ մէկ շաբաթ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվըն Ուիթքոֆը բերած էր Մոսկուա եւ որոնց հիման վրայ մենք պատրաստ էինք յառաջ շարժելու վերջնական համաձայնութեան համար», յայտարարած է Լաւրով:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ջնջած էր Հունգարիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահին հետ իր հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենար 30 հոկտեմբերին:
Ան շեշտած էր, որ հանդիպումը կատարելու համար անհրաժեշտ են որոշակի երաշխիքներ, թէ անիկա պիտի յանգեցնէ վերջնական համաձայնութեան:


