Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրին ընդդունեց Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Քիթ Հանենկանը եւ դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Մեթիու Թութիլոն:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու այն քայլերը, որոնք պէտք է որդեգրուին հարաւային Լիբանանի մէջ հանդարտութեան եւ կայունութեան վերականգնման համար:
Հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ նկատեց թշնամական արարքներու դադրեցման յանձնախումբի` Մեքանիզմի աշխատանքը կեանքի կոչել, մասնաւորաբար դադրեցնելու համար Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներն ու խախտումները եւ գործադրելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, որպէսզի լիբանանեան բանակը կարենայ մինչեւ հարաւային միջազգային սահմաններ տեղակայուիլ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հարաւային Լիբանանի բնակիչները կարող դարձնել վերադառնալու իրենց տուներ եւ վերանորոգել վնասուած տուները, մանաւանդ ձմրան եղանակին մօտենալով:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Օրթէյկըսը: Քննարկումի առանցքները կազմեցին երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու զարգացումներ, որոնք կը վերաբերէին Լիբանանի վրայ իսրայէլեան առօրեայ յարձակումներուն:
Քննարկուեցաւ նաեւ զինադադարի հսկողութեան հնգանդամ թեքնիք յանձնախումբին` Մեքանիզմի աշխատանքն ու անոր դերակատարութեան աշխուժացումը:
Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ Մեքանիզմի աշխատանքը: Վարչապետ Սալամ շեշտեց. «Որեւէ բանակցութեան նպատակը անցեալ նոյեմբերին որդեգրուած թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութեան գործադրութիւնն է, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցման եւ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն անոր ամբողջական հեռացման»:
«Այս հոլովոյթի նպատակներէն է նաեւ լիբանանցի գերիներու ազատ արձակումը», աւելցուց ան:
«Զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ կառավարութեան որոշումի գործադրութիւնը, Լիթանի գետին հարաւը ըլլայ, թէ հիւսիսը, կը պահանջէ լիբանանեան բանակին ու Ներքին ապահովութեան ուժերուն աջակցութեան արագացում` գումարելով այդ նպատակին յատկացուած միջազգային խորհրդաժողով», նշեց վարչապետը:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան ամրապնդումը նաեւ կը պահանջէ տնտեսական վերականգնման եւ վերաշինութեան խորհրդաժողովի գումարման համար միջազգային աջակցութիւն», յայտնեց Սալամ:
Օրթէյկըս նաեւ այցելեց ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտին:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական եւ ընկերային կացութիւնները եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մարդասիրական կարիքներու բաւարարման եւ վնասուած շրջաններուն մէջ պետութեան ներկայութիւնը ամրապնդելու դերակատարութիւնը:
Քննարկուեցան նախարարութեան գործադրած ընկերային աջակցութեան ծրագիրը եւ հարաւային Լիբանանի մէջ կենցաղային ու մարդասիրական կացութիւններուն առնչուած զարգացումները:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ պետութեան ներկայութեան ամրապնդումը եւ ծառայութիւններու մատուցումը կը պահանջէ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան գործադրման ճամբով կայունութեան ամրապնդումը», ըսաւ Սէյիտ:
«Լիբանան այսօր միջազգային կրկնակի ուշադրութեան կը կարօտի, ինչպէս նաեւ միջազգային կողմերէ իրողական աջակցութեան` թիկունք կանգնելու համար անոր հաստատութիւններուն, ընդդէմ մարդասիրական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն, որովհետեւ Լիբանանի կայունութիւնը շրջանային կայունութեան մաս կը կազմէ», նշեց նախարարը:


