Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվան պատրաստ է Թրամփին օգնելու` լուծելու Ուքրանիոյ տագնապը:
«Ես տակաւին Թրամփին չեմ ըսած, սակայն շուտով պիտի ըսեմ. կը կարծեմ, թէ մենք նոյնպէս կրնանք օգնել վերջ տալու Ուքրանիոյ տագնապը, որովհետեւ, իմ կարծիքովս, անիկա արդէն հասած է հասունութեան կէտին», ըսած է Պրազիլի նախագահը:
Պրազիլի ղեկավարին համաձայն, տագնապը արդէն երեք տարիէ կ՛երկարի, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն:
Ան ընդգծած է, թէ կը մնայ միայն այս հարցը դնել բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, որովհետեւ ժամանակն է վերջ դնելու այս տագնապին:


