Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական անդամ Լինտսի Կրահամ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, «թմրեցուցիչի օտարազգի առեւտրականներու» դէմ իր լայնածաւալ զինուորական արշաւին ծիրին մէջ, մօտ օրէն Քոնկրեսը տեղեակ պիտի պահէ Հարաւային Ամերիկայի մէջ «հաւանական զինուորական գործողութիւններու» մասին: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ն:
Թրամփի ամէնէն ականաւոր դաշնակիցներէն եղող Կրահամ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պաշտպանեց նախագահին Հարաւային Ամերիկայի մէջ զինուորական գործողութիւնները ընդլայնելու եւ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի վրայ ճնշումները բարձրացնելու լիազօրութիւնները:
Հանրապետական ծերակուտականը նշեց, որ արշաւի ընդլայնման ցամաքային հարուածներ ներառելը «իսկական հաւանականութիւն է»` աւելցնելով, թէ նախագահը իրենց ըսած է, թէ շրջապտոյտէ վերադառնալէն ետք Քոնկրեսը տեղեակ պիտի դառնայ «Վենեզուելայի եւ Քոլոմպիոյ դէմ զինուորական հաւանական գործողութիւններու մասին:
Մինչ այդ, Վենեզուելայի կառավարութիւնը ամերիկեան «Կրէյվլի» խորտընկէցի միացեալ ռազմափորձերուն համար Թրինիտատ եւ Թոպաքօ արշիպեղակոս հասնիլը նկատեց «գրգռութիւն»` նշելով, որ ձերբակալած է խումբ մը «վարձկաններ», որոնք «Սի.Այ.Էյ.»-ի հետ կապ ունէին:
Կառավարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ այդ ռազմափորձը «քարայիպեան շրջանին մէջ պատերազմ բռնկեցնելու համար է»:


