Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ ժողովը «կարեւոր էր» եւ առիթ մը եղաւ ներկայացնելու շրջանի զարգացումներուն վերաբերեալ Եգիպտոսի գնահատումը, մասնաւորաբար Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութենէն եւ անոր հետեւող զարգացումներէն ետք:
Մուսա ըսաւ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Լիբանանի մէջ կացութիւնը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի «իսրայէլեան յարձակումներուն, որոնց կշռոյթը կը բարձրանայ»` նշելով, որ հանրապետութեան նախագահէն տեղեկացած է «զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու» հարցին շուրջ Լիբանանին քայլերուն մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացած է խախտումներու հարցին վերջնական լուծումի հասնելու համար բանակցութիւններու ձեռնարկելու Լիբանանի պատրաստակամութեան հարցին վերաբերեալ անոր դիրքորոշումներուն:
Եգիպտոսի դեսպանը հանրապետութեան նախագահին ըսած է, թէ Եգիպտոս ամբողջական եւ յստակ կերպով թիկունք կը կանգնի Լիբանանի կողմէ որդեգրուած բոլոր քայլերուն` աւելցնելով. «Եգիպտոս այս առումով կարողութիւնը ունի աջակցութեան ձեռք երկարելու»:


