Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Ֆրանք Մոլընը, որուն կ՛ընկերակցէին երիտասարդութեան, աշխատանքի եւ կրթութեան հարցերով դեսպան Ժուրիան Միտլհոֆն ու դեսպանական քաղաքական հարցերու առաջին պատասխանատու Ալեն Ուաքետ:
Մոլըն եւ Միտլհոլֆ ներկայացուցին վերջինիս դերն ու առաքելութիւնը` իբրեւ նշեալ ոլորտներուն հետ կապի եւ համակարգումի պատասխանատու:
Նախարարը ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս նախարարութիւնը կատարած է կամ կը ծրագրէ կատարել:
Տեղի ունեցաւ քննարկում գործակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ, մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը կարող դարձնելու ոլորտին մէջ:
Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ
ԵՈՒՆԻՍԵՖ–ի Ներկայացուցիչը
Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Մարքօ Լուիճի Քորսին, որուն կ՛ընկերակցէր կազմակերպութեան գործադիր պատասխանատու Նաթալի Ապու Նաֆահը, երիտասարդութեան եւ պարմաններու զարգացման բաժանմունքի տնօրէն Ամալ Օպէյտն ու երիտասարդներու եւ պարմաններու զարգացման ու ներառումի մասնագէտ Ապիր Ապու Զաքին:
Նախարարը պատուիրակութեան հետ 2025 թուականին եւ 2026 թուականին գործադրուելիք միացեալ ձեռնարկներու ընդհանուր վերաքաղ մը կատարեց: Խոր քննարկումի ենթարկուեցան նախարարութեան ծրագիրները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք պիտի գործադրուին կամ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն հետ կը քննարկուին, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի երիտասարդութեան ելեկտրոնային հարթակին:
Քննարկումը կեդրոնացաւ Երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան վրայ, որուն պատրաստութեան վրայ ներկայիս աշխատանք կը տարուի նոր ցուցակով եւ արդիականութեան ու երիտասարդութեան կարիքներուն հետ քայլ պահող մօտեցումով:


