Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի բուռն կերպով դատապարտեց «Լիբանանի հարաւի եւ Պեքայի մէջ շրջաններու դէմ սիոնական գոյառութեան շղթայազերծած օդային յարձակումները», եւ զանոնք նկատեց «ահաբեկչական ոճիր»:
Պաղայի ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է դատել սիոնական գոյառութիւնը եւ զայն պատժել իր գործած ոճիրներուն համար»:
Ըստ անոր, իսրայէլեան ոճիրներու առանց հաշուետուութեան շարունակութիւնը հետեւանք է անոր նկատմամբ ամերիկեան բացարձակ աջակցութեան:
«Սիոնական գոյառութեան կողմէ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան դէմ գործուած իրերայաջորդ յարձակումները եւ զինադադարի համաձայնութիւններու շարունակուող խախտումները յստակ ապացոյց են անոր ահաբեկչական բնոյթին եւ տիրապետութիւն հաստատելու մոլուցքին», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Պաղայի վերյիշեցուց «սիոնական գոյառութեան ոտնձգութիւններուն ու ոճիրներուն դէմ դնելու միջազգային ընտանիքին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պատասխանատուութիւնը»:


