Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ.-ի անուան դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ եւ իր սրտի խօսքը ուղղեց կիրակի, 19 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Իգնատիոս արք. Մալոյեանի եւ վեց երանելիներուն սրբադասման մասնակիցներուն, որոնց շարքին` աւելի քան 1500 հայ ուխտաւորներուն:

Քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց սրբադասումի արարողութեան համար` շեշտելով, որ սրբադասումը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը կը միացնէ բոլոր հաւատացեալները, ժամանակի, լեզուի եւ մշակոյթի սահմաններէն անդին: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ նոր սուրբերը յոյսի փայլուն նշաններն են, որովհետեւ անոնք սրբացան իրենց կեանքը Քրիստոսի եւ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն սիրոյն զոհաբերելնուն համար:

Քահանայապետը ապա տարբեր լեզուներով անդրադարձաւ նոր եօթը սուրբերուն, որոնց մէջ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի մասին անգլերէն լեզուով խօսելով ըսաւ.

«Մենք բոլորս կը կիսենք սիրելի հայ ժողովուրդին ուրախութիւնը` նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման առիթով: Ան Քրիստոսի սիրտին համապատասխան հովիւ էր եւ ծանր դժուարութիւններու ժամանակներուն ան չլքեց իր հօտը, այլ խրախուսեց զայն ամրապնդելու իր հաւատքը: Երբ իրմէ խնդրեցին, որ հրաժարի իր հաւատքէն` ազատութեան դիմաց, ան չվարանեցաւ ընտրել իր Տէրը` նոյնիսկ իր սեփական արիւնը թափելու գնով: Ասիկա ինծի սիրով մտածել կու տայ հայ ժողովուրդին մասին, որ քարերու վրայ խաչը կը փորագրէ` իբրեւ իր անսասան եւ ժայռի նման կայուն հաւատքի նշան: Թող նոր սուրբի բարեխօսութիւնը նորոգէ հաւատացեալներուն եռանդը եւ հաշտութեան ու խաղաղութեան պտուղներ բերէ բոլորին համար»:

Ան ապա խօսեցաւ իւրաքանչիւր սուրբի մասին` անոր կեանքին եւ արժէքին անդրադառնալով:

 

Նախորդը

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?