Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Շրջանին մէջ դաշնակիցները զիս տեղեակ պահեցին, թէ զինուորական մեծ ուժի մը մուտք գործելն եւ մեզ հետ իր համաձայնութիւնը խախտելուն պարագային Համասը պատժելը պիտի ողջունեն»:
«Դաշնակիցներուն եւ Իսրայէլի փոխանցեցի, թէ տակաւին Համասի դէմ զինուորական միջամտութիւն կատարելու ժամանակը չեկաւ», նշեց Թրամփ:
Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «Յոյս կայ, որ Համաս ճիշդ բանը ընէ, եւ եթէ ատիկա չընէ, անոր վերջը արագ, բիրտ ու վայրագ պիտի ըլլայ»:
Մինչ այդ, իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս երկօրեայ այցելութեամբ Իսրայէլ հասած է:
Միւս կողմէ, աղբիւրներ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ կը նախատեսուի, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը 18 նոյեմբերին Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունենայ Թրամփի հետ, ինչ որ վերջինիս երկրորդ նստաշրջանի ընթացքին գահաժառանգին Ուաշինկթըն առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ:
Սէուտական Արաբիան կը ձգտի Միացեալ Նահանգներու հետ պաշտպանական համաձայնութիւն կնքել:
Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, հաւանական է, որ Սպիտակ տան մէջ ժողովի ընթացքին քննարկուին մայիսին գոյացած համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութիւնն ու հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը վերջին անգամ աւելի քան եօթը տարի առաջ այցելած էր Սպիտակ տուն: