ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի` հայ համայնքի կառոյցներու շրջագայութիւնը կը շարունակուի: Այս նախաձեռնութեամբ, Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը մօտէն կը հետեւի կառոյցներու գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիմք կը ստեղծէ համագործակցութեան հարթակի մը:
Այս ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեանի, այցելեց Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Մարալ Տէյիրմէնճեանի հետ:
Ապա, պատուիրակութիւնը այցելեց «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնադրամ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեանի եւ կառոյցի աշխատակազմին հետ` լսելով անոնց մտահոգութիւնները:
Պալապանեան յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը նախ եւ առաջ կը միտի մօտէն ծանօթանալ հայկական կառոյցներու գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ան յայտնեց, որ հրամայական է հայ համայնքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն առաջքը առնել, իսկ այդ մէկը կ՛իրականանայ համագործակցութեամբ եւ ուժերու մէկտեղումով: Այս է հիմնական նպատակը այցելութիւններուն:
Հանդիպումներու ընթացքին տնօրէնները ներկայացուցին կառոյցներու պատմական ընթացքը եւ ներկայ գործունէութիւնը: Ապա, առիթ եղաւ քննարկելու դժուարութիւնները եւ զանոնք յաղթահարելու կարելիութիւնները: