Շաբաթավերջին Մարոքի երիտասարդներու ազգային խումբը (20 տարեկանէն վար), որ շահած էր 2025-ի Մոնտիալը, հասաւ Ռապաթ, ուր հերոսներու ընդունելութիւն ստացաւ անմոռանալի ելոյթներէ ետք:
Մարոք, որ աւարտականին 2-0 արդիւնքով անակնկալի բերած էր Արժանթինի երիտասարդները, պարզ բախտի բերմամբ չէ, որ շահեցաւ այս Մոնտիալը:
Մարոքի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տարիներէ ի վեր լրջօրէն կ՛աշխատի պատանիներու եւ երիտասարդներու վրայ` մէջտեղ բերելով ապագայ սերունդ մը, որ տարիներու ընթացքին վստահաբար պիտի բարձրացնէ Մարոքի անունը:
Այժմէն իսկ կը խօսուի 2030-ի Մոնտիալի մասին, մանաւանդ որ երիտասարդներու այս խումբը շատ բարձր մակարդակի թաքթիքով կազմակերպուած ֆութպոլ ցուցաբերեց առաջին իսկ մրցումէն:
Մարոք, որ մաս կը կազմէր ամէնէն դժուար խմբակին, իր առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով անակնկալի բերած էր Սպանիան (2-0), ապա Պրազիլը (2-1) եւ պարտուած էր միայն Մեքսիքայէն (0-1): Գրաւելէ ետք խմբակի առաջին դիրքը, Մարոք դուրս ձգած էր Հարաւային Քորէան (2-1), Միացեալ Նահանգները (3-1) եւ կիսաւարտականին Ֆրանսան (1-1, ապա փենալթիներով):
Աւարտականին, մարզիչ Մոհամետ Ուհպիի գծած կազմակերպած խաղաոճով անոնք գրեթէ ոչնչացուցին Արժանթինի յառաջապահ գիծին ազդեցութիւնը: Եասեր Զապիրի երկու կոլ նշանակեց եւ տիտղոսը, որ առաջին միջազգային մակարդակի տիտղոսն էր Մարոքի համար, շահեցան ափրիկեան «Աթլասի առիւծներ»-ը: Մոնտիալի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Օսման Մաամմա (Մարոք), որ շահեցաւ ոսկի գնդակը:
Լաւագոյն կոլսքորըրի ոսկի կօշիկը շահեցաւ ամերիկացի Պենճամին Քրեմաշին, որ 5 կոլ նշանակեց:
Լաւագոյն բերդապահ ընտրուեցաւ արժանթինցի Սանթինօ Պարպի, որ 4 մրցում անառիկ պահած էր իր բերդը, իսկ մաքուր ֆութպոլի մրցանակը շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը:
Հետաքրքրականը այն է, որ եւրոպական խումբեր բացակայեցան առաջին երեք դիրքերէն, ուր Մարոքի եւ Արժանթինի ետին Քոլոմպիա շահած էր 3-րդ դիրքը` յստակ նահանջ արձանագրելով Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի խումբերու դիմաց:
Մարոք դարձաւ միայն երկրորդ ափրիկեան երկիրը, որ Կանայէն ետք (2009) կը շահի երիտասարդներու Մոնտիալը: