Հայ բռնցքամարտիկ Օթար Երանոսեան (16-0) տպաւորիչ յաղթանակ մը տարաւ մեքսիքացի Էմանուէլ Տոմինկեսի դէմ` նաք-աութի ենթարկելով զայն 4-րդ ռաունտին: Լոնկ Պիչի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած այս մրցումը Օթարի 16-րդն էր, ուր ան 6-րդ (նաք-աութով) յաղթանակ արձանագրեց:
32 տարեկան Ախալքալաք ծնած Երանոսեան այս յաղթանակով շահեցաւ իր 2-րդ թեթեւ կշիռի կարգի ախոյեանութեան գօտին` պահպանելով իր անյաղթ ելոյթներու շարքը:
2 տարուան դադարէ ետք Երանոսեան այս տարի վերադարձած էր ռինկ եւ որոշած էր շարունակել իր ասպարէզը հաստատ քայլերով, մինչեւ աշխարհի ախոյեան դառնալը: