Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը 2025-2026 տարեշրջանը կարեւոր յաղթանակով սկսաւ, երբ իր առաջին մրցումին 90-80 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփսը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:

Մրցումը արագ սկսաւ եւ երկու կողմերէն խումբերը կարծէք յաճախ կը փորձէին հեռանալ իրարմէ արագ կէտեր նշանակելով:

Առաջին մասին ՀՄԸՄ յառաջացաւ 28-23 արդիւնքով, ուր Թայլըր Պէյ եւ Խալիտ Թոմաս 9-ական կէտեր նշանակեցին: Հուփսի մարզիկ Քետրիեն Ճոնսըն իր կարգին 9 կէտ նշանակեց:

Բ. մասին ՀՄԸՄ չկրցաւ պահել իր առաւելութիւնը եւ շատ առիթներ կորսնցնելով միայն 19 կէտ կրցաւ նշանակել` ստանալով 22 կէտ:

Թայլըր պահեց իր մակարդակը եւ մինչեւ կիսախաղ 20 կէտ նշանակած էր:

Չկարենալով կասեցնել մրցակից խումբի արագ խաղաոճը, ՀՄԸՄ-ի տղաքը քիչ մը շատ ֆաուլեր կատարեցին, մանաւանդ Ահմետ Իպրահիմի եւ Ազիզ Ապտել Մասիհի շնորհիւ:

Կիսախաղին 2 կէտով յառաջացած (47-45) ՀՄԸՄ 24 կէտ նշանակեց` 3-րդ մասին վերջին երկվայրկեաններուն հեռանալով 6 կէտով, շնորհիւ Ճորտըն Սթիվընզի 3 կէտերուն:

Ճորտըն 13 կէտերու հասաւ, մինչ Թայլըր (26) եւ Թոմաս (23) կարեւոր կէտեր կ՛աւելցնէին:

4-րդ եւ վերջին մասին, երբ արդէն Ահմետ Իպրահիմ 5 ֆաուլերով դուրս մեկնած էր, աչքի զարկաւ Այզաք Այուպին, որ հակառակ իր միջակ հասակին, շատ կ՛օգնէր խումբին գնդակ գողնալով` կողով նշանակելով կարծէք տարիներով խաղցած ըլլար ՀՄԸՄ-ի շապիկով:

Պէտք է ըսել, որ այս վերջին մասին ՀՄԸՄ լաւ ձեւով պաշտպանուեցաւ, բան մը, որ մեր տկար կէտն էր նախկին երեք մասերուն, եւ միայն 15 կէտի առիթ տուաւ մրցակիցին:

Թայլըր 28 կէտով աւարտեց մրցումը, մինչ Խալիտ Թոմաս 27 կէտ նշանակեց, իսկ Սթիվընզ կարեւոր 21 կէտ, որոնց 4-ը` 3 կէտնոց կողովներով:

Թայլըր-Թոմաս զոյգը տապըլ տապըլ իրագործեցին` յաջորդաբար 10 եւ 13 ռիպաունտ հաւաքելով:

Կապրիէլ Աճէմեան 10 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց, 2 սթիլերու կողքին: Յաջորդ մրցումին` վաղը, ՀՄԸՄ պէտք է աւելի կազմակերպուած պասքեթպոլ խաղայ Անդրանիկի դէմ` «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ, ուր մրցակից խումբին օտարները բաւական լաւ մակարդակի են, եւ պէտք է լաւ պաշտպանուիլ անոնց դէմ: Ճերեմայս Կեմպրել, Էմանուէլ Լիթըլ եւ սենթըր Մաժուր Մաժաք բաւական բարձր մակարդակի պասքեթպոլ խաղցան կիրակի օր Սանթրալի դէմ, ուր Սանթրալ 85-81 արդիւնքով կրցած էր յաղթել:

Ճիշդ է, որ Ահմետ Իպրահիմ տակաւին լաւապէս ապաքինած չէ, եւ այդ պատճառով ալ ան քիչ մը շատ ֆաուլեր կատարեց, աւելի զգուշ պէտք է ըլլալ, եւ Ազիզի նման (ինքն ալ 5 ֆաուլերով դուրս եկած էր) աւելի կեդրոնացած թէ՛ պաշտպանողական, թէ՛ ալ յարձակողականի պահերուն աւելի դրական մրցում պէտք է ունենայ:

Իր առաջին մրցումին 11 մարզիկներ օգտագործեց ՀՄԸՄ, ուր Թանիոս Աքիքի, Սէրուժ Աւետիսեան, Ազիզ, Այզաք, Փիթըր եւ Քարիմ Սալամ դաշտ ներկայանալով կը հանգստացնեն հիմնական մարզիկները եւ մանաւանդ օտարները, որոնք քանի մը օր անգամ մը մրցում ունին կատարելիք:

 

Նախորդը

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Յաջորդը

Ուիթքոֆ. «Կազայի Վերաշինութեան Գինը Շուրջ 50 Միլիառ Տոլարով Կը Գնահատուի, Եւ Կը Կարծենք, Թէ Գումարները Արագօրէն Պիտի Հաւաքուին»

RelatedPosts

Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Քարաթէ.  Սուրէն Յարութիւնեան Հասաւ Աւարտական Մրցաշարք
Մարզական

Քարաթէ. Սուրէն Յարութիւնեան Հասաւ Աւարտական Մրցաշարք

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?