Երեսփոխան Ալեն Աուն «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Մեծագոյն ուղղուածութիւնը այն է, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի ունենան, նոյնիսկ ոմանց այդ մէկը կասկածի առնելու պայմաններուն մէջ, իսկ ուրիշներու մօտ մտադրութիւնը զանոնք յետաձգելն է»:
«Նոր իշխանութեան սկիզբէն ի վեր հաստատութիւններու աշխատանքի վերականգնումը պէտք չէ խեղաթիւրուի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նման խորքային ու հիմնական գործընթացներ թեթեւի առնելով, ինչ որ ակնյայտ կը դարձնէ, որ այս ընտրութիւնները տեղի ունենան գործող օրէնքին հիմամբ, եթէ զայն փոխելու լուրջ հանգամանքի բացակայութեան պարագային նոր ընտրական օրէնքի շուրջ համաձայնութեան գալը անկարելի մնայ», նշեց երեսփոխանը:
«Տակաւին արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան տարազին շուրջ որեւէ համաձայնութիւն չկայ, եւ կառավարութեան անյստակ ու ոչ վճռական դիրքորոշումը արտասահմանի լիբանանցիներու քուէարկութեան հարցը անորոշութեան մէջ կը պահէ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններ վարելու վերաբերեալ կեցուածքներուն եւ անոնց արձագանգներուն` Աուն յայտնեց. «Բանակցութիւնը պատերազմի ծագումէն ի վեր տեղի կ՛ունենայ, եւ անոր առաջին արդիւնքը զինադադարի համաձայնութիւնն էր, որ հետագային տապալեցաւ, ուստի բանակցելու գաղափարը կայ, եւ պէտք է շարունակուի` հասնելու համար զինուորական գործողութիւններու դադրեցումով սկսող նոր համաձայնութեան»:
Պատասխանելով Շարմ Շէյխի մէջ ընթացք առած խաղաղութեան հոլովոյթներուն Լիբանանի միանալու կարելիութեան մասին հարցումի մը` Ալեն Աուն նշեց. «Լիբանան նախապէս համաձայն գտնուեցաւ 2002 թուականի Պէյրութի վեհաժողովի նախաձեռնութեան, արաբական շարք մը պայմաններու եւ պահանջներու հիմամբ, որոնք կը սկսին պաղեստինցիներու պետութիւն ունենալու իրաւունքով: Եւ այսօր պաղեստինցիները Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի համաձայնութեան միջոցով կ՛ընթանան լուծման ուղիով, որ կը սկսի իրենց պատերազմի դադրեցումով:
«Բնական է, որ երկրորդ առաջնահերթութիւնը ըլլայ Լիբանանի մէջ պատերազմի դադրեցումը եւ այլ հոլովոյթներ քննարկելը: Այսօր նուազագոյն պահանջուածը ոչ պատերազմական իրավիճակին վերադառնալն է, վերջ տալ մեր եւ Իսրայէլի միջեւ զինուորական տագնապին եւ ապահովել լիբանանցիներուն կենսական բոլոր պահանջները»:
Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ Լիբանան իսրայէլեան մագլցումի առջե՞ւ կանգնած է, երեսփոխանը յայտնեց. «Ատիկա յստակ է, որովհետեւ իսրայէլացին վճռած է շարունակել պատերազմը` մագլցողական հարուածներու ձեւով, մինչեւ իր նպատակին հասնիլը, եւ ասիկա մեծ խնդիր է Լիբանանի համար, որ անկարող է զինուորական դիմակայութեան, եւ մինչեւ հիմա չկրցաւ զայն դադրեցնել դիւանագիտական հոլովոյթի ճամբով, որովհետեւ համաձայնութեան պայմանները չեն ամբողջացած»: