– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Ժեզզին շրջանի Մահմուտիէ եւ Ժարմաք գիւղերուն վրայ:
ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի ծովային սահմանի սահմանազատման բանակցութիւններու օրինակով Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններ վարելու վերջին առաջարկը թէ՛ ներքին, թէ՛ ալ արտաքին կողմերէն դրական ընկալումի կ՛արժանանայ, եւ նախագահի նախաձեռնութեան սատարող յստակ ազդանշաններ ի յայտ եկան»:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի պալատը ամերիկեան որեւէ նշանի կամ քայլի կը սպասէ, որովհետեւ նախագահը դրական քայլ մը կատարեց եւ կը սպասէ անոր արձագանգին, մանաւանդ որ Ուաշինկթըն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ որեւէ անուղղակի բանակցութեան միջնորդը պիտի ըլլայ, թէեւ տակաւին այդ մասին խօսելու համար կանուխ է»:
– ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի տարբեր մակարդակի պաշտօնատարներ անցնող ամիսներուն ընթացքին լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ իրենց հանդիպումներուն ժամանակ կ՛ընդգծէին, թէ պէտք է Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեան ուղիներ բանալ, սակայն Լիբանան կը մերժէր»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանցի պաշտօնատարներ ազդու դիւանագիտական հեղինակութիւններէ տեղեկացան, թէ զէնքի մենաշնորհման թղթածրարը ամբողջացնելու մինչեւ տարեվերջ երկարող պայմանաժամը տակաւին միջազգային եւ հովանաւոր կողմերու համար լրջօրէն ի զօրու է»:
– ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Շարք մը պատճառներ թշնամիի բանակի հրամանատարութիւնը մղեց հիմա ռազմափորձեր կատարելու. անոնց գլխաւորն է հիւսիսի բնակիչներուն իրենց տուները վերադառնալով ապահով ապրելու նկատմամբ մտահոգութիւնները փարատելը եւ Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանը իսրայէլեան բանակի հսկողութեան տակ պահելը»:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ հարցերու մասնագէտ նախկին զինուորական մը «Անպա» օրաթերթին. «Ռազմափորձերը զինուորական գետնի վրայ կը բացայայտեն Իսրայէլի մէջ հետզհետէ աճող գիտակցութիւն մը, թէ լիբանանեան ճակատը արմատական կերպով փոխուեցաւ, որովհետեւ Հըզպալլայի մօտ ուժի հայեցակարգը այլեւս հիմնուած չէ քանակի վրայ, այլ թեքնիք իմաստութեան»:
– ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլացի թշնամիին հետ կարելի չէ որեւէ հաւանականութիւն բացառել, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Լիբանանի դէմ նոր պատերազմի շղթայազերծման, սակայն մեր տրամադրութեան տակ գտնուող տուեալները առնուազն տեսանելի ապագային նոր պատերազմի մը շղթայազերծման հաւանականութիւնը ցոյց չեն տար»:
– ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Վճռուածը այն է, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ժամկէտին, եւ զանոնք յետաձգելու եւ ներկայ խորհրդարանի լիազօրութիւնները երկարաձգելու մասին որեւէ խօսք անիմաստ է, որովհետեւ ընտրութիւնները յետաձգելու որեւէ պատճառ չկայ»:
– ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նախարարաց խորհուրդը հինգշաբթի օր պիտի գումարէ նիստ մը` ուսումնասիրելու եւ վաւերացնելու համար օրակարգին վրայ գտնուող կէտերը, որոնց գլխաւորներն են ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերը»: