– «ՆԱՀԱՐ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ քննարկումը կը բնութագրուէր մեծ լրջութեամբ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, որեւէ բանակցային իրաւունքի առնչուած կարելիութիւններու լայն ըմբռնումով, նոյնիսկ եթէ որեւէ մեքանիզմ չէ բիւրաղացած»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Աուն, Պըրրի եւ Սալամ հաղորդակցութիւններ կը կատարեն Ապահովութեան խորհուրդին Իսրայէլի ու անոր բարբարոսական ոճիրներուն դէմ բողոք ներկայացնելու եւ պատրաստելու պաշտօնական շրջաբերական մը, որ կը ջրէ Հըզպալլային պատկանող զէնքերու պահեստանոցներու գոյութեան մասին պնդումները»:
– ԸՍՏ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին, «Այն Թինէի շրջանակները կը բացայայտեն, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ կը պատրաստուին` նշելով, որ նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի միջեւ համակարգում տեղի կ՛ունենայ, եւ բանակցութեան աշխատանքը ստանձնելիք լիբանանեան պատուիրակութեան կազմութեան շուրջ ջանքերը կը շարունակուին»:
– ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ գոյութիւն ունի բարձր մակարդակի համակարգում` Լիբանանի գործողութիւնները բոլոր ուղղութիւններով աշխուժացնելու համար` Իսրայէլի յարձակումը դադրեցնելու եւ թշնամիին զինադադարի համաձայնագիրի մեքանիզմները կիրարկել ստիպելու համար»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «2027 թուականին ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքի աւարտէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութենէն զինուորական ուժի ներկայութեան հաւանականութիւն գոյութիւն ունի»:
– «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «գոյութիւն ունի ընտրութիւններու սահմանադրական ժամկէտները յարգելու եւրոպական պնդում` մեկնելով օրէնքի տրամաբանութեան վրայ կեդրոնանալու եւ զայն քաղաքական շահերէն վեր նկատելու անհրաժեշտութենէն»: