Իսրայէլեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան: Այսպիսով, համաձայնութիւնը մտաւ ուժի մէջ, եւ իսրայէլեան բանակը սկսաւ գործադրել Կազայէն իր հեռացման առաջին փուլը:
Նախքան այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Մենք վճռական զարգացումի մը մէջ ենք, եւ պայքարեցանք իրագործելու համար պատերազմի նպատակները, որոնց կարեւորագոյնը բոլոր գերիները ստանալն է, եւ ատիկա պիտի իրագործենք»:
«Մեր նպատակը պիտի չիրագործէինք առանց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր աշխատանքային խումբին արտակարգ օգնութեան», աւելցուց Իսրայէլի վարչապետը:
«Գիտենք, թէ ասիկա ի շահ Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու, ամէնուր գտնուող պատուաւորներուն է, եւ ընտանիքները իրենց սիրելիներուն վերամիացնելու համար է», նշեց Նեթանիահու:
Թրամփ մէկ օր առաջ յայտարարեց. «Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տուինք»` յայտնելով, որ մտադիր է Միջին Արեւելք ուղղուիլ Եգիպտոսի մէջ համաձայնութեան ստորագրութեան ներկայ գտնուելու համար:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնեց. «Հաւանական կը նկատուի, որ Թրամփի Իսրայէլ այցելութիւնը երկուշաբթի օրուան յետաձգուի»:
Ամերիկեան Ուժ Մը Կազայի Մէջ
Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ենթակայ ամերիկեան ուժերէն շուրջ 200 զինուորներ պիտի հսկեն Իսրայէլի մէջ խաղաղութեան համաձայնութեան գործադրութեան»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային կայանին յայտնեց. «Ամերիկեան ուժերը Իսրայէլի մէջ պիտի հաստատեն կեդրոն մը` համակարգելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի մէջ խաղաղութեան ծրագիրի ջանքերը»:
«Ամերիկեան ուժերը պիտի ստանձնեն օժանդակութիւններու (Կազա) մուտքի եւ գումակային ու ապահովական ջանքերու համակարգումը», ըսաւ ան:
«Կազայի մէջ ամերիկեան ուժերու տեղակայում չի նախատեսուիր», աւելցուց պաշտօնատարը: