Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Իսրայէլեան ղեկավարութենէն ստացանք ցուցանիշեր` մեզմէ խնդրելով մեր իրանցի բարեկամներուն փոխանցել այն պատգամը, թէ Իսրայէլ յանձնառու է ապագայ կարգաւորման եւ որեւէ ձեւի ճակատումով հետաքրքրուած չէ»: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է «Ռուսիան Ու Կեդրոնական Ասիան» վեհաժողովի ընթացքին:
Փութին նշեց, որ իրանեան հիւլէական թղթածրարը կարելի է լուծել միայն դիւանագիտութեան եւ բանակցութիւններու ճամբով:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիան «իրանցի իր գործընկերներուն հետ սերտ հաղորդակցութիւններ կը պահպանէ, եւ կը նկատէ անոնց յանձնառութիւնը երկու կողմերուն ընդունելի լուծումներ գտնելու եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ շինիչ գործակցութիւնը շարունակելու»: