Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Կը յուսամ, որ Միջին Արեւելք ըլլամ, երբ գերիներու ազատ արձակումը տեղի ունենայ: Կը ծրագրեմ կիրակի այդտեղ ուղղուիլ»:
Թրամփ Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթոփը Սպիտակ տան մէջ ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Չէ պատահած, որ որեւէ մէկը կարենայ 8 ամսուան մէջ 8 պատերազմ դադրեցնել, ինչպէս ես ըրի»:
«Կազայի պատերազմը դադրեցնելու համար համաձայնութեան նկատմամբ ամէն ինչ կատարուեցաւ, եւ բոլորը կը տօնեն անոր իրագործումը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը ստացած ոմանք իմ իրագործածէս շատ քիչ բան իրագործեցին»:
«Միջին Արեւելքը այսօրուընէ մէկ տարի ետք հոյակապ պիտի ըլլայ», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Պատասխանելով Լիբանանի մասին լրագրողի մը հարցումին` Թրամփ ըսաւ. «Լիբանանի մէջ հոյակապ դեսպան մը նշանակեցի»` ակնարկելով Միշել Իսային, որ տակաւին իր պաշտօնը չէ ստանձնած:
Թրամփ նաեւ շեշտեց. «Մեր գործադրել աշխատած խաղաղութեան ծրագիրին հիմամբ, ոչ ոք Կազայէն հեռանալ պիտի ստիպուի»:
«Կազայի մէջ տեղակայուելիք միջազգային ուժերը պիտի ճշդուին», ըսաւ ան, եւ Իրանին վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց Կազայի համաձայնութեան «աջակցութեան» համար:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց. «ՕԹԱՆ-ի պետութիւններէն պահանջեց ներքին համընդհանուր արտադրութեան 5 առ հարիւրը եւ ոչ թէ` 2 առ հարիւրը վճարեն, սակայն Սպանիան կ՛ուշանայ, եւ թերեւս զայն ՕԹԱՆ-էն դուրս դնենք»:
«Կրնանք Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել», յայտնեց ան` յայտարարելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւնները Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու համար «ճնշումները կ՛աւելցնեն»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնեց պաշտպանելու Ֆինլանտան, եթէ ռուսական յարձակումի ենթարկուի` նկատի ունենալով, որ ան ՕԹԱՆ-ի անդամ է:
«Աքսիոս» երէկ հաղորդեց, որ Թրամփ Համասին տուած է անձնական երաշխիքներ, թէ Իսրայէլին պիտի չարտօնէ համաձայնութեան հակասել եւ պատերազմը վերսկսիլ: