Հայաստանի երիտասարդներու ֆութպոլի ազգային խումբը բաւական ծանր պարտութեամբ սկսաւ Եուրօ-2026-ի զտումի իր մրցումները, երբ Նորվեկիոյ Շիեն քաղաքին մէջ 7-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց:
19 տարեկանէն վար ազգային խումբը լաւ պաշտպանութեամբ սկսաւ մրցումը, բայց 16-րդ վայրկեանին կոլ ստանալէ ետք կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը:
Կիսախաղին 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք Հայաստան քանի անգամ վտանգեց Գերմանիոյ բերդը, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ, երբ 55-րդ վայրկեանին արդիւնքը դարձաւ 3-0:
«Սկիզբը դժուար էր ճեղքել եւ տարածութիւններ գտնել մրցակիցի խիտ պաշտպանութեան դէմ, բայց յետոյ հանգիստ խաղցանք եւ հասանք սպասուած արդիւնքին», ըսաւ Գերմանիոյ ազգային խումբի կեդրոնի նախկին յետսապահ Քրիսթիան Վորնզ:
Հայաստան, որ 12-րդ խմբակի զտումի իր երկրորդ մրցումը պիտի խաղայ 11 հոկտեմբերին` հիւրընկալ Նորվեկիոյ դէմ, դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Վաչէ Գայուրիելեան, Կերի Գրիգորեան, Սեդրակ Մովսիսեան, Արշակ Պետրոսեան, Յարութիւն Մուսիկեան, Գոռ Գրիգորեան, Յարութիւն Մանուկեան, Դաւիթ Բատոյեան, Կարէն Յովակիմեան, Արամ Ահարոնեան եւ Արթուր Մովսիսեան: