Հայ յառաջապահ Ֆին Կերակուսեան երկու կոլ նշանակեց Անգլիոյ երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան գծով` օգնելով, որ իր ակումբը` Սանտըրլենտ, 4-1 արդիւնքով յաղթէ Նիւքեսըլի «Թայն Էն Ուեր»-ի տերպի մրցումին:
17 տարեկան Կերակուսեան փայլուն մրցում մը ունեցաւ իր 3-րդ մրցումին 3-րդ կոլը նշանակելով:
Ֆին կը մասնակցի նաեւ Սանտըրլենտի 21 տարեկանէն վար խումբին հետ, ուր կոլի մը հեղինակը դարձած է:
Երիտասարդ յառաջապահը կը շարունակէ տպաւորել իր խաղով եւ աստիճանաբար կը հաստատուի ակումբին համակարգին մէջ` ցուցադրելով կայուն յառաջընթաց եւ կոլ նշանակելու հմտութիւն: Ան միջնապահ դիրքի վրայ ալ ելոյթներ կ՛ունենայ, ինչպէս նաեւ ծայրի յարձակող դիրքի վրայ ալ ինքզինք փաստած է: