Լոս Անճելըս Ֆ. Ք. ակումբը, որ «Էմ.Էլ.Էս.»-ի ախոյեանութեան կը մասնակցի, երրորդ տարին ըլլալով նշեց հայկական ժառանգութեան երեկոն իր «Պի.Էմ.Օ.» մարզադաշտին վրայ, Թորոնթոյի դէմ մրցումէն առաջ:
Ամերիկահայ արուեստագէտ Սագօ Շահինեան «Հայկական ժառանգութիւն» խորագիրով տարազներ պատրաստած էր այս աւանդութիւն դարձած երեկոյին, որ կը միացնէ ֆութպոլի համակիրները եւ հայկական համայնքը: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է քաղաքի մշակութային բազմազանութեան ընդգծումը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ներդրման արժեւորումը` հասարակական զարգացման մէջ:
Այս տարուան գլխաւոր ուշադրութիւնը գրաւած էր Սագօ Շահինեանի գեղեցիկ հաւաքածոն` տպագրուած շապիկներով, հուտիներով (գլխարկով տարազներ) եւ շալերով, որոնք ստեղծուած են Սագօ Շահինեանի կողմէ եւ կը կրեն «Այրըն լէյտըլ» հիմնադիր ապրանքանիշի եւ «Մարվել» ու «Տի. Սի.» ընկերութիւններու հետ համագործակցութեամբ:
«Ես ուզեցի պատմել հայ-ամերիկեան պատմութիւնը` միաւորելով Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքայի եւ Լոս Անճելըսի խորհրդանիշները: Լոս Անճելըսը մեր քաղաքն է, մեր խումբը եւ մեր տունը», ըսաւ Շահինեան: