Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը

Հոկտեմբեր 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

1913, Հռոմ. Իգնատիոս Մալոյեան` վարէն երկրորդ շարքին ձախէն երկրորդը:

Քրիստոնէական աշխարհի պատմութեան մէջ համաշխարհային սուրբերուն մեծ մասը կը պատկանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պարզ այն պատճառով, որ Կաթողիկէ եկեղեցին իր կեդրոնական կառոյցով եւ համաշխարհային ներկայութեամբ կարողացած է սուրբերու պաշտամունքը տարածել եւ ամրագրել ամբողջ աշխարհին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք ալ կաթողիկէ սուրբերը յաճախ համաշխարհային ճանաչում եւ հնչեղութիւն կը վայելեն:

Արդ հարց` արդեօք մենք` հայերս, մեր անզուգական սուրբերը պատշաճ ձեւով ներկայացուցա՞ծ ենք համայն քրիստոնեայ աշխարհին: Արդեօք մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի նուիրեալ զինուորները արժանի չե՞ն ունենալու իրենց ուրոյն եւ յատուկ տեղը համաշխարհային սուրբերու փաղանգին մէջ:

Այս հարցումին պատասխան տալու համար հարկ է նախ մօտէն ծանօթանալ մեր սուրբերու կեանքին եւ գործունէութեան, այնուհետեւ անոնց արժէքը համապատասխան ձեւով փոխանցել քրիստոնեայ  աշխարհին:

Այս առումով Ս. Իգնատիոս Մալոյեանը առանձնայատուկ երեւոյթ է: Իր նահատակութեամբ եւ անձնուիրութեամբ ան փաստօրէն եղաւ առաջին համաշխարհային հնչեղութիւն ստացած սուրբը, որ Սուրբ Աթոռին կողմէ հռչակուեցաւ:

Եթէ փորձենք բաղդատել Մալոյեանի սրբութիւնը այլազգի սուրբերու հետ, ապա կը տեսնենք, որ անոր վկայութիւնը չի համեմատուիր անոնց հետ, քանզի Մալոյեանի  պարագային կայ առանձնայատկութիւն մը, անոր նահատակութիւնը եղաւ ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքի, այլ նաեւ ազգային ինքնութեան համար:

Այլ սուրբերու պարագային, նահատակութիւնը սովորաբար զուտ կրօնական է` հաւատքին համար, իսկ Մալոյեանին մէջ կրօնական եւ ազգային գիծերը միահիւսուած են իրարու: Ան զոհուեցաւ միաժամանակ իր հաւատքին եւ իր ժողովուրդի գոյութեան պայքարին համար:

Այս յատկանիշը Մալոյեանը կը դարձնէ համաշխարհային առումով եզակի, քանզի այսօրուան աշխարհի ճգնաժամերը ոչ միայն կրօնական բնոյթ ունին, այլ նաեւ` ազգային:

 

Կրօնը շատ պարագաներու կը զօրանայ հակադրութեան մէջ դրուելով, մինչդեռ ազգային ինքնութիւնը աւելի խոցելի է եւ աւելի արագ կը մաշի: Եթէ հեթանոս կամ աշխարհիկ երկիրներուն մէջ ազգութիւնը համեմատաբար կայուն կը մնայ, ապա երկնային կրօններու պատկանող ժողովուրդներուն համար վտանգը աւելի մեծ է:

 

Ահա թէ ինչո՛ւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կերպարը ոչ միայն պատմական կամ հոգեւոր յիշատակ է, այլ նաեւ ժամանակակից պատգամ` ամբողջ աշխարհի համար: Ան կը վկայէ, որ հաւատքը եւ ազգութիւնը միասին կրնան դառնալ սրբութեան ճամբայ, եւ իր նահատակութիւնը կը մնայ հրատապ պատգամ` յառաջիկայ դարերուն համար:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանական Քարոզչամեքենան Հայերը Կը Մեղադրէ Փարիզի Մէջ

Յաջորդը

ՀՖՖ-ը 13 Հազար Զուիցերիական Ֆրանքի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Մեր Սուրբ Թարգմանիչները (Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…

Հոկտեմբեր 11, 2025
Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու
Անդրադարձ

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?