ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ նախկին նախարար
ԶՕՐ. ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Ազգային իշխանութիւնը կը գուժէ նախկին Ազգային երեսփոխան, Ազգային վարչութեան եւ Դատաստանական խորհուրդի նախկին ատենապետ`
ԶՕՐԱՎԱՐ ՓԱՆՈՍ ՄԱՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2025-ին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ցօղիկ Մանճեան
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Ռոզի Մանճեան եւ զաւակները` Նոա եւ Մաթէօ
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Սօսէ Տէքրմէնճեան եւ զաւակները` Սէրուժ եւ Սէրլի
Տէր եւ տիկին Հրակ եւ Նարէ Մանճեան
Արժ. տ. Մաշտոց քհնյ. եւ երիցուհի Նուէր Աշգարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կիրակոս Քիլէճեան եւ զաւակունք
Մանճեան եւ Քէնտիրճեան ընտանիքներ
Տէքրմէնճեան եւ Ֆէսլեան ընտանիքներ
Գասպարեան եւ Տուտագլեան ընտանիքներ
Չիլինկիրեան եւ Աճէմեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Թազեան ընտանիքներ
Աշգար ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ
ԶՕՐԱՎԱՐ ՓԱՆՈՍ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԱՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2025-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 9 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 10 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
Իսկ շաբաթ, 11 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ:
————————————–
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 95-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Այսու ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ դպրեվանքի 95-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին առիթով, կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ Տ. ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(Տեսուչ դպրեվանուց)
Սուրբ պատարագի մատուցումէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 95-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին մասնակցելու սուրբ պատարագին, հաղորդ դառնալու Սրբոց Թարգմանչաց սերունդի ոգիին եւ զօրակցելու ու նեցուկ կանգնելու դպրեվանքի սրբազան առաքելութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 105-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 11 հոկտեմբեր 2025-ին:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն եւ կամ շրջող հանգանակիչներուն:
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅ Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie GARO (Գրիգորեան) կարիքը ունի քարտուղարուհիի, հաշուապահուիի եւ մոմի վրայ աշխատողի մը:
Պուրճ Համուտ, հեռ. 01-266514 կամ 03-207772: