Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուշ Է, Բայց Շատ Ուշ Չէ…

Հոկտեմբեր 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լ. ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Միջազգային իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւանքները սեւ-մութ ամպերու նման կը շարունակեն արագօրէն կուտակուիլ մեր տարածաշրջանի երկնակամարին վրայ: Հայաստանի հարաւային դարպասը` Սիւնիքը, այսօր դարձած է մեր գոյութեան եւ ապագայի առանցքային հարցերէն մէկը: Սիւնիքը ոչ միայն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան երաշխիքն է, այլ նաեւ կենսական ուղի մը` Հայաստանէն դէպի Իրան, դէպի Պարսից ծոց եւ անուղղակիօրէն` դէպի Միջին Արեւելք: Սիւնիքը պահելով է, որ Հայաստանը կը պահպանէ իր ռազմավարական դիրքը Կովկասի մէջ: Այդ պատճառով ճնշումն ու միջանցքի գաղափարի արծարծումը չեն դադրիր, քանի որ առանց Սիւնիքի Հայաստանը կը զիջի իր անկախութեան գոյատեւման հիմնական օղակներէն մին` ի նպաստ թշնամիին:

2020-ի պատերազմին ընթացքին եւ պատերազմէն ետք Հայաստանը վստահեցաւ Ռուսիոյ` իբրեւ խաղաղապահի եւ երաշխաւորի: Բայց փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ Մոսկուան չկրցաւ կամ չուզեց կատարել իր պարտաւորութիւնները: Արցախը մինակ ձգուեցաւ, հայ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ ահաւոր ճնշումներու, եւ, ի վերջոյ, ազերի զինուժը ազատօրէն շարժեցաւ: Ռուսիա եւ Իրան չմիջամտեցին, այլ միայն դիտեցին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի համատեղ յարձակումը, որ ուղղուած էր ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ` ամբողջ հայութեան դէմ: Այս անգործութիւնը խորապէս ցնցեց հայ ժողովուրդի վստահութիւնը ռուսին եւ իրանցիին հանդէպ:

Այդ նոյն Ռուսիան եւ անոր կողքին Իրանը, որոնք լուռ մնացին կամ աչք խփեցին ազերիական-թրքական-իսրայէլեան յարձակումներուն, այնուհետեւ դէմ արտայայտուեցան ամերիկեան եւ նախագահ Թրամփի ներգրաւուածութեան: Այս հակասական դիրքորոշումը ցոյց կու տայ, որ անոնց առաջնահերթութիւնները չեն համընկնիր Հայաստանի անվտանգութեան հետ: Երաշխաւոր մը կամ հարեւան մը, որ կը դիտէ մեր կորուստները առանց միջամտելու, բայց միեւնոյն ատեն կը խոչընդոտէ այլոց միջամտութիւնը, չի կրնար վստահելի դաշնակից նկատուիլ:

Այսօր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը փորձեն ճնշում բանեցնել Հայաստանի վրայ` Սիւնիքէն միջանցք բանալու համար: Նոյն ատեն Միացեալ Նահանգները կը դառնան նոր դերակատար եւ երաշխաւոր: Ուաշինկթըն, իր աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնելով, կը փորձէ ստանձնել այս դերը եւ իր հակակշիռին տակ առնել թէ՛ Զանգեզուրը եւ թէ՛ անժխտելիօրէն աճող թուրք-ազերի ճնշումները: Սա առաջին անգամն է, որ հայ կառավարութիւն մը լուրջ ձեւով կը դիտարկէ Արեւմուտքի դերը իբրեւ անվտանգութեան երաշխիք եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ զիջումներու երթալու` իր իշխանութեան երկարաձգումը ապահովելու համար, ոտնակոխելով Հայաստանի գերագոյն շահերը:

Սակայն, Քաթարի վրայ Իսրայէլի յարձակումը եւ անոր վերաբերեալ Ամերիկայի լռութիւնը ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգները նոյնպէս վստահելի գործընկեր չեն, եւ ո՞վ կրնայ է երաշխաւորել, որ անիկա չի զիջիր թուրք-ազրպէյճանական ապագայ ճնշումներուն դիմաց` Հայաստանի հաշուոյն: Այնուամենայնիւ, Հայաստանը պէտք չէ, որ ամբողջութեամբ դռներ փակէ Ռուսիոյ առջեւ: Եթէ Մոսկուան ապացուցէ, որ իբրեւ այժմ լուծարուած ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի անդամ եւ համանախագահ` պատրաստ է իրական երաշխիք տալու ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան եւ արցախցիներու տունդարձի համար, այն ատեն կարելի է վերադառնալ ոչ միայն 2020-էն առաջուան դրութեան, այլ նաեւ, ինչո՞ւ ոչ, խօսիլ 1921 թուականին ստորագրուած Կարսի եւ Մոսկուայի պայմանագիրները չեղեալ յայտարարելու կարելիութիւններուն մասին:

Հայաստանի շահը կը պահանջէ դիւանագիտական ճկունութիւն, ոչ թէ` միակողմանի կապուածութիւն: Ռուսիան, որ Հայաստանի տնտեսական թիւ մէկ գործընկերն է, տակաւին կրնայ օգտակար դաշնակից դառնալ, եթէ կարենայ պաշտպանել հայկական շահերը:

Այսօրուան միջազգային զարգացումները նաեւ հնարաւորութիւններու նոր դուռ կը բանան: Մեկ կողմէ Ռուսիոյ եւ Իրանի, միւս կողմէ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, իսկ երրորդ կողմէ` Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ աճող տարակարծութիւնները կրնան հայկական դիւանագիտութեան գործիք դառնալ: Բոլոր

խաղաքարտերը կը թուին վերախառնուած ըլլալ: Հայաստանը պէտք է դիւանագիտական ճարպիկութեամբ օգտագործէ այս

հակադրութիւնները` ապահովելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան շահերը: Հնդկաստանն ու Չինաստանը կրնան նժարը Հայաստանի կողմ թեքել:

Ռուսիան եւ Իրանը իրենց լռութեամբ կորսնցուցին վստահութեան մեծ մասը, բայց կրնան վերագտնել զայն եթէ միայն գործնականօրէն պաշտպանեն հայկական շահերը` մեկնելով իրենց իսկ շահերէն:

Անհրաժեշտ է նաեւ իմանալ, թէ ռուսը եւ ամերիկացին քուլիսներու ետին ի՞նչ տիլեր ըրած են այս գծով: Հայաստան պէտք է փորձէ ամէն գնով վերատեսութեան ենթարկել Ամերիկայի միջնորդութեամբ Ազրպէյճանի հետ կնքուած խաղաղութեան համաձայնագիրի պայմանները:

Հայաստանի ապագան կախեալ է միջազգային հակադրութիւնները ճիշդ օգտագործելու իր կարողութենէն` դուռը բաց պահելու համար փչող նպաստաւոր բոլոր հովերուն դիմաց: Բայց զգուշ` կռուախնձոր

դառնալու հետեւանքներէն: Եւ այս բոլորը կարելի չէ իրականացնել առանց իշխանափոխութեան:

Կ՛ըսեն, որ վնասի ճամբէն ետ դառնալը կէս շահ է:

Թերեւս ուշ է, բայց շատ ուշ չէ…

 

 

Նախորդը

Ռուբէն Զարդարեան Ուսուցիչ-Մանկավարժը Եւ Հրապարակագիրը

Յաջորդը

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Հինգերորդ Տարելիցի Նշում

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Մեր Սուրբ Թարգմանիչները (Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…

Հոկտեմբեր 11, 2025
Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու
Անդրադարձ

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?