Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման յիշատակին նուիրուած պատկերասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Հակառակ սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան, Հըզպալլան յաջողեցաւ, ճնշումներու եւ դժուարութիւններու գագաթնակէտին, որեւէ ատենէ աւելի ցոյց տալ իր ուժն ու տոկունութիւնը»:
Ան նշեց, որ ո՛չ ինք, ո՛չ սէյիտ Նասրալլան, ո՛չ իսկ Համասի գլխաւոր ղեկավարները նախապէս տեղեակ էին Համաս շարժումի 7 հոկտեմբեր 2023 թուականին շղթայազերծած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութենէն:
Քաանի յայտնեց, որ այդ պատերազմին միայն իսրայէլեան բանակը չէր մասնակցեր, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգները, ՕԹԱՆ-ը եւ մինչեւ իսկ իսլամական ըլլալ պնդող պետութիւններ:
«Հըզպալլայի զինաթափման մասին խօսակցութիւնը արդիւնք է սիոնական գոյացութեան զինուորական գործողութիւններու ճամբով ատիկա իրագործել ձախողելուն: Եւ եթէ այդ գոյացութիւնը կարող ըլլար Հըզպալլան զինաթափել կամ զայն զինուորական գետնի վրայ ոչնչացնել, պատերազմը շարունակած կ՛ըլլար, եւ ոչ թէ զայն դադրեցուցած: Սակայն որոշ պահու զինադադար խնդրեց, որպէսզի շունչ քաշէ», շեշտեց «Քուտս» զօրամասի հրամանատարը:
«Հակառակ յայտարարութեան յանձնառութիւններուն եւ բոլոր կողմերու ստորագրութեան, ամերիկեան աջակցութիւնն ու միջազգային լռութիւնը պատճառ դարձան, որ այդ համաձայնութիւնները չգործադրուին, եւ յանձնառութիւնները հակառակորդ կողմէն խախտուեցան», աւելցուց ան:
Քաանի նշեց. «Լիբանանի ներքին խնդիրները, որոնք միայն լիբանանցիներուն կը վերաբերին, իրենց կարգին ազդեցին շրջանային երթին եւ անոր վրայ իւրայատուկ բարդութիւն աւելցուցին»:
«Հըզպալլան, որ թերեւս լիբանանեան ընկերութեան մէջ որոշ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, կրցաւ նշանակալի աճ արձանագրել», ըսաւ ան:
«Այս երթը միայն թշնամիին յստակ չէր, այլ նաեւ լիբանանեան հասարակութեան եւ աշխարհի մէջ դէտերուն: Հըզպալլայի տարբեր ոլորտներու պատասխանատուները փաստեցին, թէ այս կազմակերպութիւնը թշնամիի ճնշումներուն ու յարուցած դժուարութեան առջեւ ընկրկելէ շատ աւելի հզօր է», աւելցուց զօրավարը:
«Լիբանանցի ժողովուրդն ու պաշտօնատարները, մասնաւորաբար բանակը, լաւապէս կը գիտակցին, թէ Լիբանանի անվտանգութիւնը կապուած է Հըզպալլայի գոյութեան, եւ անոր բացակայութեան չկայ որեւէ գոյացութիւն, որ կրնայ կայունութիւն ապահովել: Այս հասկացողութիւնն է, որ լիբանանեան բանակին հակազդեցութիւնը դարձուց տրամաբանական եւ Հըզպալլային աջակցող», նշեց Քաանի:
«Շէյխ Նայիմ Քասեմի ղեկավարութեան օրհնութեամբ եւ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն գոյութեամբ, կուսակցութեան կառոյցը կը պահպանէ սէյիտ Հասանի եւ սէյիտ Հաշեմի ժառանգութեան նկատմամբ պատասխանատուութեան ոգին. այդ կառոյցը յստակօրէն ապացուցեց, թէ Հըզպալլան գոյացութիւն մը չէ, որ կարելի է Լիբանանէն հեռացնել», նշեց «Քուտս» զօրամասի հրամանատարը: