– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, թէ եւրոպացի դիւանագէտ մը առնչակից հեղինակութիւններու յայտնած է, թէ գոյութիւն ունին զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան յանձնախումբի եւ Միացեալ Նահանգներ-Ֆրանսա երկկողմանի մակարդակի վրայ ֆրանս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններ` հարաւային Լիբանանի շրջանը լարուածութեան եւ մագլցումի շրջագիծէն դուրս պահելու եւ բախումներու մէջ ներքաշումը արգիլելու համար:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախարարաց խորհուրդի երկուշաբթի օրուան նիստը կառավարութեան միասնականութեան ճշդման տեսանկիւնէն կարեւոր պիտի ըլլայ, եւ անոր օրակարգին վրայ դրուեցաւ լուծարումը այն միութեան, որ կազմակերպեց Ռաուշէի հաւաքը, ուստի ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ նիստի ընթացքին պլոքներու կեցուածքին վրայ»:
– ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ պատասխանատու հեղինակութիւն մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ Ռաուշէի ժայռին հարցով տեղի ունեցաւ, միայն արդարադատութեան ճամբով չի լուծուիր, այլ` նախ եւ առաջ կը պահանջէ քաղաքական խիստ կեցուածք մը եւ կանխարգելիչ քայլեր` արգիլելու համար անոր կրկնութիւնը, ապա հետագային հաշուետուութեան ենթարկելու իսկական մեղսակիցները»:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պապին այցելութեան պատրաստութիւնները կ՛աշխուժանան, սակայն պաշտօնական Լիբանանը կը սպասէ յառաջիկայ օրերուն այցելութիւնը հաստատող եւ թուականը ճշդող հաղորդագրութեան: Տեղեկութիւններու համաձայն, այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 նոյեմբերին եւ 1 ու 2 դեկտեմբերին»:
– «ՏԻԱՐ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս 15 հոկտեմբերին Նաքուրայի մէջ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի գումարման նախօրեակին` 14 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Պէյրութ:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ բանակին ու առնչակից կողմերուն միջեւ հաղորդակցութիւններու շարքէ մը ետք, 2013 թուականին Ապրայի դէպքերուն հարցով որոնուող Ֆատել Շաքեր շաբաթ օր Սայտայի Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքէն պարեկային ուժի մը անձնատուր եղած է, եւ անոր հարցաքննութիւնը սկսած է դատական համապատասխան ատեանին հսկողութեամբ: