Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան երէկ դատապարտուեցաւ 2 տարուան ազատազրկման:
Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեան հրապարակեց Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ սրբազանի գործով վճիռը:
Յիշեցնենք, որ հանրային մեղադրող դատախազը պահանջած էր Միքայէլ արք. Աջապահեանի նկատմամբ ընտրել 2 տարի վեց ամիս ազատազրկում:
Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Միքայէլ սրբազանի դէմ արձակուած դատավճիռը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.
«ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խստօրէն դատապարտում է Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին երկու տարուան ազատազրկման դատապարտելու անօրինական եւ խայտառակ որոշումը:
«Սա ոչ միայն հոգեւորականի դէմ իրականացուած հաշուեյարդար է, այլեւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցու, մեր ազգային ինքնութեան եւ քաղաքացիների ազատ արտայայտման իրաւունքի դէմ ուղղուած քաղաքական յարձակում: Այս վճիռը եւս մէկ ապացոյց է, որ գործող իշխանութիւնը Հայաստանում կառուցում է բռնապետական վարչակարգ, որտեղ դատարանները վերածւում են իշխանութեան ձեռքին բութ գործիքի:
«Վստահ ենք` հեռու չէ այս ամէնի համար պատասխան տալու ժամանակը»: