Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտու շնորհաւորած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը` Հայաստանի հետ խաղաղութեան կարգաւորման ճամբուն Սպիտակ տան աջակցութեամբ իրականցուող կարեւոր քայլերու համար: Սանտու այս մասին Քոփենհակենի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք գրած է ընկերային ցանցի իր էջին վրայ:
«Մենք նաեւ քննարկած ենք մոլտովական ազրպէյճանական տնտեսական կապերու ամրապնդումը` ի շահ երկու երկիրներուն», գրած է Մոլտովայի նախագահը: