Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Շարունակէ

Հոկտեմբեր 2, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թենիսի «Ռոլեքս Շանկհայ Մասթըրզ» մրցաշարքի կազմակերպիչները անցեալ շաբաթ յայտնեցին, որ այս մրցաշարքին 4 անգամ ախոյեան հանդիսացած սերպ Նովաք Ճոքովիչ 14-րդ անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ:

Ճոքովիչի համար Շանկհայի մրցաշարքը պիտի ըլլայ իր առաջին մրցաշարքը` «Եու. Էս. Օփըն»-էն ետք, ուր 24 անգամ կրան-շլեմի տիտղոսակիր Ճոքովիչ (մրցանիշ) պարտուած էր կիսաւարտականին Քարլոս Ալքարասէն:

«Կը կարծեմ, որ աւելի յոյս ունիմ առաւելագոյնը 3 սեթերով մրցումներու: Թերեւս մէկ շաբաթ տեւող մրցաշարքեր կամ «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքեր, ուր 2 շաբթուան վրայ երկարող մրցաշարքերու քանի մը օր դադար կ՛ունենաս», ըսաւ 38 տարեկան Ճոքովիչ: «Ուրեմն… գիտես, կրնայ ըլլալ աւելի կրնամ պայքարիլ Սինըր-Ալքարաս զոյգին դէմ», աւելցուց ան:

Այս խօսքերը քիչ մը զարմացուցին թենիսի սիրահարները, մանաւանդ որ Ճոքովիչ միշտ ալ կ՛ըսէր, թէ կը նախընտրէ կեդրոնանալ կրան-շլեմի մրցաշարքերու վրայ` յայտնելով, որ երկու շաբաթ տեւող «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքերը քիչ մը շատ երկար կը տեւեն եւ յամար չէին իրեն համար:

Այժմ թիւ 4 դասուած թենիսմեն Ճոքովիչ անցեալ տարի հասած էր Շանկհայի թենիսի մրցաշարքի աւարտական եւ պարտուած այդ օրերուն թիւ 1 Եաննիք Սինըրէն (այժմ թիւ 2):

Նշենք, որ Շանկհայի թենիսի մրցաշարքը կը սկսի ուրբաթ օր, եւ ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով թիւ 1 դասուած թենիսմենն է:

Նախորդը

Սպանիոյ Գերբաժակը 5-րդ Անգամ Ըլլալով` Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Միւնիխ Յաղթեցին. Լիվըրփուլ Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Ճատրակ.  Քարուանա Յաղթեց Արոնեանին Եւ Հասաւ Աւարտական
Մարզական

Ճատրակ. Քարուանա Յաղթեց Արոնեանին Եւ Հասաւ Աւարտական

Հոկտեմբեր 2, 2025
«Էն. Պի. Էյ.»  Վիրաւոր Մարզիկներով Հարուստ Եղանակ Մը
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Վիրաւոր Մարզիկներով Հարուստ Եղանակ Մը

Հոկտեմբեր 2, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Միւնիխ Յաղթեցին. Լիվըրփուլ Պարտուեցաւ
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Միւնիխ Յաղթեցին. Լիվըրփուլ Պարտուեցաւ

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?