Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Սպանիոյ գերբաժակի մրցումը 5-րդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
Աւելի ճիշդ է ըսել գերբաժակի մրցաշարքը` նկատի ունենալով, որ Իտալիոյ նման նկատի կ՛առնուին «Լա լիկա»-ի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքի աւարտականի հասնող խումբերը:
Սակայն քանի որ Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ գրաւած էին առաջին երկու դիրքերը եւ հասած բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, նկատի առնուեցան «Լա լիկա»-ի երրորդ եւ չորրորդ դիրքերը գրաւող խումբերը` Աթլեթիքօ Մատրիտն ու Աթլեթիք Պիլպաոն:
Կիսաւարտականին Պարսելոնա պիտի մրցի Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ, իսկ Ռէալ Մատրիտ` Աթլեթիքօ Մատրիտի:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ 7 յունուարին, իսկ երկրորդը` 8 յունուարին: Աւարտական մրցումը տեղի կ՛ունենայ 11 յունուարին:
Խաղերու հերթականութիւնը կ՛որոշուի վիճակաձգութեամբ: Անցեալ տարի Պարսելոնա շահած էր գերբաժակը: