«Արդեօ՞ք խաղաղութեան գործընթացէն բացի Ղարաբաղի գաղթականներու հարցը արծարծուած է, մասնաւորապէս` անոնց գոյքի փոխհատուցման առումով, եւ արդեօ՞ք անոնց մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է», երէկ
ԵԽԽՎ-ի մէջ ազատական-ժողովրդավարներու անունով Հայաստանի վարչապետին հարցում ուղղեց եւրոպացի պատուիրակ Փեթրա Օնիքս:
«Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղէն փախստական մեր հայրենակիցներուն, այդ հարցին վերաբերեալ մեր ընկալումը այն է, որ մեր եւ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ Ղարաբաղի փախստականները պէտք է տնաւորուին Հայաստանի մէջ, մենք արդէն զանոնք տուներով ապահովելու ծրագիր սկսած ենք, որ դժուարութեամբ կը սկսի աշխատիլ, եւ մենք Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներուն ապագան կը պատկերացնենք Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի քաղաքացիութեամբ», ըսաւ Փաշինեան:
Անդրադառնալով հարցումին, թէ որքանո՞վ իրատեսական է փախստականներու վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ, Փաշինեան ԵԽԽՎ-ի մէջ յայտարարեց. «Ես ուղիղ կ՛ըսեմ, որ ատիկա իրատեսական չեմ նկատեր, եւ կարեւոր կը նկատեմ ատիկա մարդոց ազնիւ ըսելը: Եւ փախստականներու, ընդհանրապէս բոլոր փախստականներու վերադարձի նիւթը այս պարունակին մէջ ես կը նկատեմ վտանգաւոր խաղաղութեան գործընթացին համար, որովհետեւ Ղարաբաղի տագնապը սկսած է կը թուի թէ մարդասիրական պարզ հարցերու արծարծումով եւ վերածուած է երկարատեւ հակամարտութեան»: