ՖԻՖԱ-ն վերջերս որոշեց յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք Մոնտիալի խորհրդանիշները, որոնք առաջին անգամ ըլլալով երեք հատ պիտի ըլլան` նկատի ունենալով, որ Մոնտիալը առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ երեք երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ:
Քանատան պիտի ներկայացնէ եղջերու մը` Մէյփըլ անունով: Ըստ մտապատկերին, Մէյփըլ կը ճամբորդէ քաղաքէ-քաղաք` մարդիկը համախմբելով եւ մշակութային բազմազանութիւն ներկայացնելով: Մէյփըլ կը սիրէ ճամբաներու պատերուն վրայ գծագրութիւնները, երաժշտութիւն, բերդապահ դիրքի վրայ կը խաղայ ֆութպոլ եւ խորհրդանիշն է ստեղծագործութեան, առաձգականութեան եւ անկախութեան:
Մեքսիքայի խորհրդանիշն է ամերիկեան յովազ Զայուն, ներշնչուած` երկրին հարուստ ժառանգութենէն եւ կորովէն: Իր անունը կապուած է միութեան եւ զուարթութեան հետ: Դաշտին վրայ Զայու յառաջապահ դիրքի վրայ կը խաղայ` ապշեցնելով մրցակից պաշտպանները իր հնարամտութիւններով եւ ճկունութեամբ: Ֆութպոլէ անկախ, ան կը մարմնաւորէ մեքսիքական աւանդական սովորութիւնները` պարէն մինչեւ ազգային խոհանոցը:
Միացեալ Նահանգներ պիտի ներկայացուին Քլաչ արծիւով: Քլաչի նկարագիրը կ՛արտացոլացնէ արկածախնդրութեան ոգին եւ լաւատեսութիւնը: Դաշտին վրայ Քլաչ իսկական առաջնորդի դերը կ՛առնէ միջնապահ դիրքի վրայ` ոգեւորելով իր ընկերները եւ օգնելով անոնց յաղթահարելու բոլոր մարտահրաւէրները: Դաշտէն դուրս ան իրար կը մօտեցնէ ժողովուրդը իր կենսուժով եւ մարմնակրթութեան հանդէպ իր եռանդով: