24 տարեկան Թոմաս Ադորեան իր ակումբին` Պանֆիլտի հիմնական կազմին մաս կը կազմէր, Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով Ունիոն Սանթաֆէի դէմ մրցումին:
6 մրցումներէ ի վեր հիմնական կազմէն հեռու մնալէ ետք, Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահը համեմատաբար լաւ ելոյթ ունեցաւ Սանթա Ֆէի դէմ մրցումին, որ ճերմակ հաւասարութեամբ վերջ գտաւ:
Ադորեան 8 մրցումներու մասնակցած է` այս եղանակին կատարելով 1 էսիսթ: