Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Խաղաղութեան Վաշխառուները Եւ Խաղաղութիւն Բառի Իմաստին Նենգափոխումը

Սեպտեմբեր 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐԵՀ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Քառասունչորսօրեայ պատերազմէն եւ յատկապէս Արցախի ամբողջական յանձնումէն ետք, խաղաղութիւն բառը ամէնօրեայ դրութեամբ հնչել սկսաւ իշխանութեան եւ անոր հետեւորդներու ելոյթներուն եւ գրառումներուն մէջ:

Պատերազմի ահաւոր ու անբացատրելի հետեւանքներէն, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու ռազմավարական անհասկնալի բացթողումներէն ետք, ինչպէ՞ս խոյս տալ պատասխանատուութենէ, ինչպէ՞ս շրջել էջը, ինչո՞վ  խաբել ընտրազանգուածը եւ վերականգնել  վստահութիւնը, պահել իշխանութիւնը եւ շարունակել «առաքելութիւնը»… Հակառակ պարագային եւ բնական պայմաններուն մէջ, հարցադրուելու, հեռացուելու, հարցաքննուելու ու դատուելու էր այս իշխանութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր` նոր ու տարբեր քաղաքական դիմագիծով ներկայանալ,  շեղել հանրութեան աչքը պատահածէն, ստեղծել նոր ու տարբեր երազներ, նոր ու տարբեր երազանքի աներեւոյթ հորիզոներ` շարունակելով սուտը, կեղծիքը, բաժանարար գործելաոճը, տկարացնել ազգի ու հայրենիքի ներուժը եւ շարունակել առաքելութեան յաջորդ փուլը:

Որեւէ ժողովուրդի համար չկայ աւելի թանկ երազանք, քան` խաղաղութիւնը: Եւ ահա Հայաստանի հպարտ, «սակայն պարտուած» քաղաքացին փոխարինուեցաւ խաղաղ հայաստանեան տարածաշրջանի մէջ ապրող երջանիկ քաղաքացիով:

Երջանիկ ապրիլը ոչ միայն որեւէ հաւաքականութեան, այլեւ իւրաքանչիւր մարդ անհատի գերագոյն երազանք է, իսկ խաղաղութիւնը երջանկութեան նախապայմանն է, խաղաղութեան սպառնացող վարկածը պատերազմը եւ անոր հաւանականութիւնն են, սակայն պատերազմի հաւանականութեան չգոյութիւնը բացարձակապէս խաղաղութիւն չի նշանակեր:

Պատերազմի հաւանականութեան արհաւիրքը խաղաղութեան բացակայութեան հետեւանք չէ, այլ` անարդարութեան ու անարգանքի հետեւանք:

Խաղաղութիւնը այլ բան է, խաղաղութեան հիմքը արդարութիւնն է, առանց արդարութեան, յոյսով, հաւատքով, բարի կամեցողութեամբ, զիջումներով եւ կամ գիւղ մը այստեղէն ճամբայ մը այնտեղէն այլ բան յանձնելով ու հպատակող բանակցութեամբ` խաղաղութիւն կարելի չէ ձեռք բերել:

Խաղաղութեան համար նախ եւ առաջ դրացիներուն միջեւ փոխադարձ եւ միասին խաղաղ ապրելու ըմբռնում պէտք է, խաղաղութիւնը խոչընդոտող պատճառներու շուրջ փոխադարձ յարգանքի ողջամիտ ու շինիչ բանակցութիւն պէտք է:

Խաղաղութեան համար անհրաժեշտ են.

Ա.- Փոխադարձ հողային ամբողջականութեան եւ անկախութեան ճանաչում,

Բ.- Միջազգային օրէնքներով ճանչցուած քաղաքական հաւասարէ հաւասար փոխյարաբերութիւն,

Գ.- Ժողովուրդներու կրօնի, մշակոյթի, կենցաղի, մարդը իր հողին վրայ ազատ ապրելու եւ այդ ազատութիւնը ամէն միջոցով պաշտպանելու կիրարկման իրաւունքի փոխադարձ յարգանք,

Դ.- Տնտեսական գործառնութիւններու, երթեւեկի, բնական հարստութեան դէմ միջազգային օրէնքներէ դուրս խոչընդոտ չհանդիսանալու, ինչպէս նաեւ` դատական ու պետական գործերու մէջ չմիջամտելու եւ կամ ճնշումներ չբանեցնելու յանձնառութիւն:

Եւ այսպէս շարքը կրնայ երկարիլ. բայց, խնդրեմ, ըսէք ինծի, թուրքը եւ ազերին եր՞բ, ո՞ւր եւ ո՞ր մէկը դրսեւորած է մինչ օրս: Իսկ եթէ նման ըմբռնում եւ կամ պատրաստակամութիւն չկայ դրացիիդ կողմէ, ոչ միայն այսօր, այլ` պատմութեան բոլոր ժամանակներուն, ալ ի՜նչ խաղաղութիւն: Ազրպէյճանական բանտերու մեջ ռազմագերիներ պահելով, տարածքներ գրաւելով, եկեղեցիներ քանդելով, ազգային արժէքներ ու կոթողներ պղծելով, սպառնալով, պարտադրելով` ինչպէ՞ս խաղաղութիւն կ՛իրականանայ. հաւատալու բա՞ն է սա:

Հետեւաբար այս օրերուն պատահածը` խաղաղութեան բեմականացումը, այլ բան չէ, եթէ ոչ` նոր պատերազմի հաւանականութեան, նոր պարտութեան, նոր հողային ու մարդկային կորուստներու գործընթացային ճանապարհ:

Խաղաղութեան միակ միջոցը թշնամիին պարտադիր բանակցութեան սեղան նստեցնելու քաղաքական արուեստի մէջ է, իսկ այդ արուեստի հմուտ ղեկավարի ընտրութիւնը ժողովուրդի սեփականութիւնն է:

 

 

Նախորդը

Հալէպի Մէջ «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Բաշխումը Կատարուեցաւ

Յաջորդը

«Վարանդա» Երգչախումբի Արեւներուն Անկոտրուն Կամքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?