Իսրայէլ երէկ կէսօրէ առաջ Արեւելեան լեռնաշղթայի, Ժըրտ Շահրայի, Նեպի Շիթի Եւ Խրէյպէյի վրայ օդային յարձակումներ գործեց:
Նախքան այդ, իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր Պեքայի վերեւ ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարեցին:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը յարձակում գործած է Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատկանող թիրախահառ հրթիռներու արտադրութեան դիրքի մը վրայ:
«Թիրախաւորուած այդ դիրքին գոյութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններու խախտում է», ըսաւ Ատրահի: