Հայաստանի ազգային խումբի յետսապահ Ստիոպա Մկրտչեան, որ օգոստոսին վիրաւորուած էր` բացակայելով Փորթուգալի եւ Իրլանտայի դէմ կատարուած մրցումներէն, վերադարձած է կանաչ դաշտ:
22 տարեկան ֆութպոլիստը մասնակցեցաւ վերջերս Խրուաթիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1/16-րդ աւարտական հանգրուանի Ուլիանիքի դէմ մրցումին: Մկրտչեանի Օսիեք խումբը 4-0 արդիւնքով յաղթած էր այդ մրցումին:
Ան քանի մը օր առաջ քանի մը վայրկեան դաշտ ներկայացած էր Խրուաթիոյ ախոյեանութեան Իսթրա 1961 խումբին դէմ:
Կը սպասուի, որ Մկրտչեան ամբողջովին պատրաստ ըլլայ հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Հունգարիոյ (11 հոկտեմբեր) եւ Իրլանտայի (14 հոկտեմբեր) դէմ 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն: