«Շատ կ՛ուզէի 77 քկ կշիռի աշխարհի ախոյեանը դառնալ: Կարծեմ առաջին անգամն էր… Անբացատրելի զգացումներ ունիմ: Հայրենիքիս մէջ արդէն լիարժէք զգացումներ կ՛ապրիմ, երբ կը տեսնեմ, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս ուրախ են այս յաղթանակով: Ջերմօրէն ուրախ կը զգամ», ըսաւ Մալխաս Ամոյեան` վերադառնալէ ետք Երեւան, իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան:
«Խրուաթիա մեկնած էի ոսկի մետալ շահելու նպատակով: Քուզաքայի դէմ վրէժի մասին չէի մտածեր, քանի որ ատիկա ինծի համար իմաստ չունէր:
Նպատակս միայն շահիլ էր, ով որ ալ ըլլար մրցակիցս:
Ինչպէս ըսի` նպատակ ունէի երկրորդ անգամ ըլլալով դառնալ աշխարհի ախոյեան: Բոլոր մրցումներս ալ դժուար ընթացան, քառորդ աւարտականի մրցումը ալ աւելի դժուար էր: Արդէն աւարտականին աւելի լաւ պատրաստուած էի: Մրցեցայ ճափոնցի ըմբիշի դէմ, որմէ պարտուած էի ողիմպիական խաղերուն: Այդ պարտութիւնը ինծի համար ցաւ պատճառած էր: Ողիմպիականի ախոյեանին յաղթեցի ճիշդ մարզումներու եւ լաւ մարզավիճակի մէջ գտնուելու շնորհիւ, որոնք ինծի օգնեցին լաւ մրցում ունենալու եւ յաղթելու: Ողիմպիական խաղերուն ճափոնցի ըմբիշէն պարտուելէ ետք, սկսած էի ուսումնասիրել զինք: Իրականութեան մէջ շատ դժուար է անոր դէմ մրցիլը: Նախապէս պարտուելով դժուար կ՛ըլլայ նոյն մրցակիցին դէմ կռուիլը, կեդրոնանալը եւ յաղթելը: Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք իմ մարզումներս ինծի պատրաստած էին, եւ ես հոգեպէս պատրաստ էի անոր յաղթելու: Ես նաեւ անոր հոգեպէս յաղթեցի, ապա ֆիզիքապէս: 77 քկ կշիռի կարգին շատ կ՛ուզէի աշխարհի ախոյեան դառնալ` կարծես առաջին անգամն էր, այդ պատճառով ալ ուրախութիւնս տարբեր էր: Յաղթանակէս ետք կարծեմ երեւաց, թէ որքա՛ն ուրախ էի», ըսաւ Ամոյեան:
Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Ամոյեան փառաւոր յաղթանակով երկրորդ անգամ ըլլալով դարձած էր աշխարհի ախոյեան: Ան աւարտականին 9-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Փարիզի Ողիմպիականի ախոյեան ճափոնցի Նաօ Քուզական: Մինչեւ աւարտական Ամոյեան 4 յաղթանակ արձանագրած էր` յաղթելով Քամալ Պէյին (Միացեալ Նահանգներ) 1/16-րդ աւարտականին 2-1 արդիւնքով, Մաթէուս Պերնարթեքին (Լեհաստան) 10-0 արդիւնքով 1/8-րդ աւարտականին, Ահմետ Եըլմազին (Թուրքիա) 3-1 արդիւնքով քառորդ աւարտականին եւ Ալիրեզա Ապտեվալիին (Իրան) 5-1 արդիւնքով կիսաւարտականին: