Ամալ շարժումի նախագահական մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Իսրայէլը հարաւային Լիբանանը իբրեւ հրկիզուած հող կ՛ուզէ, իսկ Լիբանանը անդամալոյծ մարմին մը, որ անկարող է շարժիլ, ուստի կը շարունակէ իր ոճիրներն ու թիրախաւորումները, երեխաները, կիներն ու տարեցները կը հետապնդէ անոնց տուներուն ու դաշտերուն մէջ եւ հրապարակներուն վրայ, որպէսզի այդ շրջաններուն մէջ ապրելու կամքը ահաբեկէ, մինչ գոյութիւն ունի ամերիկեան յստակ ու բացայայտ աջակցութիւն, որուն արտայայտութիւնը ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի յայտարարութիւններն են, եւ զայն ամերիկեան վարչակազմը ամէն օր կ՛արտայայտէ»:
Համտան Պընթ Ժպէյլի ջարդի զոհերուն ցաւակցութեան ընթացքին նշեց. «Մեր թշնամին մեզմէ բնական կեանքը կ՛արգիլէ իր ջարդերուն, մարդոց ապահովութիւնն ու երազը գրաւելով իր պատերազմական մեքենային ճամբով, որ 1948 թուականէն ի վեր կանգ չառաւ, եւ այդ ջարդը հայրենիքի տարածքին այլ ջարդերուն նման կը վկայէ այդ թշնամական վարմունքին մասին»:
«Բոլորս կ՛ուզենք, որ բանակը իր դերն ու առաքելութիւնը կատարէ: Այս բանակը, իր ղեկավարութեամբ, սպաներով եւ անդամներով վստահութիւն կը վայելէ, սակայն խնդիրը քաղաքական որոշումն ու անոր կարելիութիւններն են», նշեց Համտան: